ԼՈՍ ԱՆՃԵԼԸՍ.- Երիտասարդ գործարարներ եւ դիւանագէտներ պատրաստող «ATHGO» կազմակերպութեան հիմնադիր ու նախագահ դոկտ. Արմէն Օրուճեան Մայիս 1էն սկսեալ անդամ նշանակուած է ՄԱԿի Տեղեկութեանց եւ հաղորդակցութեանց ճարտարագիտութեանց եւ զարգացման համաշխարհային դաշինքին:
35ամեայ Օրուճեան անցեալ տարի ՄԱԿի Տեղեկութեանց եւ հաղորդակցութեանց ճարտարագիտութեանց յանձնախումբին համացանցային 10 ղեկավարներէն մէկը նշանակուած էր: Ան միակն էր, որ Միացեալ Նահանգներէն նշանակուած էր այդ պաշտօնին համար:
ՄԱԿի Տնտեսական եւ ընկերային հարցերու տեղեկատուական ճարտարագիտութեանց զարգացման համաշխարհային դաշինքին (UNDESAGAID) հովանիին տակ գործող այդ յանձնախումբին միջոցաւ, Օրուճեան կը փորձէ իրարու քով բերել լրատուական, կառավարական ու սեփական մարզի պատասխանատուներ, ստեղծելու համար կրթական ու առողջապահութեան մարզերը բարելաւելու եւ չքաւորութեան դէմ պայքարելու երիտասարդական ցանցեր:
Լոս Անճելըսի եւ Երեւանի մէջ գրասենեակներ ունեցող «ATHGO» կազմակերպութեան մասին յաւելեալ տեղեկութեանց համար կարելի է դիմել athgo@athgo.org հասցէին: