ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը, Սահմանադրական դատարանին հետ համատեղ, Սեպտեմբեր 19-20ին Երեւանի մէջ պիտի իրականացնէ «Հայ իրաւաբաններու, դրամատան պաշտօնեաներու, ելեւմտագէտներու եւ գործարարներու համահայկական համաժողով»ը:
Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան, Յունիս 23ին, լրագրողներու հետ իր հանդիպման ընթացքին նշած է, որ նախարարութիւնը արդէն իսկ կ՛ընդունի մասնակցութեան համար աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական գաղթօճախներէն եկած դիմումները, եւ այդ նպատակով կը համագործակցի արտերկրի մէջ գործող ՀՀ դեսպանատուներու եւ Սփիւռքի տարբեր կառոյցներու հետ:
«Նախարարութեան առջեւ դրուած խնդիրներից է գիտական ներուժի յայտնաբերումը եւ դրա օգտագործումը՝ ի նպաստ Հայաստանի զարգացման: Համաժողովների կազմակերպումն ինքնանպատակ չէ, մեր գլխաւոր խնդիրը դրանից յետոյ համահայկական մասնագիտական ընկերակցութիւններ ստեղծելն է: Ընկերակցութիւնների գլխաւոր նպատակը պէտք է լինի հայաշատ վայրերում նման մասնագիտական կառոյցներ ստեղծելը», նշած է նախարարը:
Նման փորձ նախարարութիւնը ձեռք ձգած է արդէն, երբ անցեալ Ապրիլին, Երեւանի մէջ կայացած ճարտարապետներու համահայկական համաժողովի ծիրէն ներս ստեղծուեցաւ «Շինարարներու եւ ճարտարապետներու համահայկական ընկերակցութիւն»ը, որուն անդամ հայ ճարտարապետները համացանցի միջոցով կը համագործակցին իրարու հետ:
Նախարարը նշած է, որ շատ կարեւոր է Սփիւռքը Հայաստանի մէջ ճանաչելի դարձնելը, եւ հակառակը: Այդ նպատակով ստեղծուած է «Հայերն այսօր» համացանցային թերթը, ուր տեղ կը գտնեն Սփիւռքի ծրագիրներուն, նաեւ աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական գաղթօճախներուն մէջ տեղի ունեցող կարեւոր իրադարձութիւններուն վերաբերեալ լուրեր: Շատ երկիրներու մէջ համացանցային թերթը ունի նաեւ իր թղթակիցները, որոնք կ՛աշխատին կամաւոր սկզբունքով:
Ըստ նախարարին, աշխարհի տարբեր երկիրներու հայկական համայնքներէն յաճախ կը դիմեն սփիւռքի նախարարութիւն՝ բարձրացնելով արեւմտահայերէնի պահպանութեան հարցը: «Մենք գտնում ենք, որ արեւմտահայերէնը՝ որպէս ազգային արժէք, բոլոր միջոցներով պէտք է պահպանել: Այսօր ձեռնամուխ ենք եղել ուսուցիչների վերապատրաստման, ինչպէս նաեւ արեւմտահայերէնով գրքերի հրատարակման», յայտնած է նախարար Յակոբեան:
Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կը պատրաստուին եւ պարբերաբար կը թարմացուին Ամերիկայի, Եւրոպայի, ԱՊՀ, Մերձաւոր եւ Միջին Արեւելքի հայ համայքներու եւ այնտեղ յայտնի հայկական կազմակերպութիւններու անձնագրերը: Ամբողջ աշխարհին մէջ գոյութիւն ունին շուրջ 30 հազար հայկական կազմակերպութիւններ, որոնց վերաբերեալ ամբողջական տեղեկատուութեան հաւաքագրումը եւ անոնց անձնագրերու կազմումը նախարարութեան առաջնային խնդիրներէն է: Նաեւ սկիզբ առած են սփիւռքի նախարարութեան Բարեկամներու խորհուրդներու ստեղծման աշխատաքները՝ Մոսկուայի, Քրասնոտարի, Քանատայի եւ Սպանիոյ մէջ: