ԱՆԳԱՐԱ, «Արմէնփրէս».- Ըստ թրքական «Սապահ» թերթին, «Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլու, որ երկու օր առաջ Սթամպուլի մէջ անակնկալ հանդիպում ունեցած է Ատրպէյճանի իր գործընկեր Էլմար Մամէտեարովի հետ, մտադիր է ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու Յունիս 27-28ի, Յունաստանի Քորֆու կղզիին մէջ տեղի ունենալիք ոչ պաշտօնական հաւաքէն առաջ հանդիպիլ Հայաստանի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանի հետ»:
Թերթը յայտնած է, թէ «Երկու երկիրներու ԱԳ նախարարութեան ղեկավարներու Քորֆուի հանդիպումը պիտի բանայ Երեւանի եւ Անգարայի միջեւ՝ յարաբերութիւններու բնականոնացման ուղղուած փակուած գործընթացը»:
Թերթը գրած է նաեւ, որ Քորֆուի մէջ կը նախատեսուի Տաւութօղլու-Մամէտեարով կրկնակի հանդիպում, նշելով, որ ներկայ դրութեամբ, Յունաստանի մէջ Նալբանդեան-Մամէտեարով-Տաւութօղլու եռակողմ հանդիպում մը «օրակարգում չկայ»:
Թերթը տեղեկացուցած է, թէ Տաւութօղլուն Քորֆուի մէջ մտադիր է հանդիպիլ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարարի օգնական Մէթիու Պրայզայի հետ: