ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Յունիս 26-27ին, աշխատանքային այցով պիտի մեկնի Փարիզ: Ըստ ԱԳ նախարարութեան մամլոյ եւ տեղեկատուութեան վարչութեան, Փարիզի մէջ կը նախատեսուի Է. Նալբանդեանի հանդիպումը Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի եւ Մինսկի խումբի համանախագահներուն հետ:
Նաեւ, Յունիս 27-28ին, Է. Նալբանդեան պիտի մասնակցի Քուրֆուիի մէջ (Յունաստան) ԵԱՀԿ արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման, որ նուիրուած է Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան համակարգերու եւ համագործակցութեան խնդիրներու քննարկման։