ԶԱՐԿԵՐԱԿ
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
Երգի Մրցոյթ Եւ Խոստման Արարողութիւն
Ուրբաթ Յունիս 5ի երեկոյեան ժամը 7:30ին, հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան Ընդհանուր վարիչ մարմինին եւ կազմակերպութեամբ Կլէնտէյլի «Շանթ» եւ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերուն, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատանիներու երգի մրցոյթ եւ ապա խոստման արարողութիւն: Ներկայ էին զանազան շրջաններէ ժամանած աւելի քան 300 պատանիներ: Ներկաներուն թիւին վրայ կ՛աւելնային նաեւ պատանիներու ծնողները, հիւրեր, Պատանեկան վարիչ մարմինին կազմը, դաշնակցական ընկերներ եւ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի Պատանեկանի ներկայացուցիչ Յարութ Տօնոյեան:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Կլէնտէյլի մասնաճիւղի վարիչ Հայկ Քարթունեան: Ապա պատանիները հիւրասիրուեցան նոյն մասնաճիւղին կողմէ հրամցուած ընթրիքով, որմէ ետք պատանիները իրենց վարիչներու հսկողութեամբ, կարգապահօրէն կատարեցին երգի մրցոյթը: Իւրաքանչիւր շրջան կատարեց իրեն վստահուած յեղափոխական-խմբային երգերը: Հարկ է նշել, որ բոլոր մասնակցողները եւ կատարողները ունեցան շատ լաւ ներկայացումներ, սակայն Օրէնճ Քաունթիի մասնաճիւղը, իր բացառիկ կատարողականութեամբ, գրաւեց առաջնութիւնը եւ պարգեւատրուեցաւ յուշանուէրով:
Երգի մրցոյթին անմիջապէս յաջորդեց խոստման արարողութիւնը: 81 պատանիներ ՀՅԴ պատանիի ուխտը տալով՝ միացան ՀՅԴ մեծ ընտանիքին:
Խոստման արարողութեան կնքահայրն էր Վիգէն Սօսիկեան, որ գերազանցօրէն ներկայացուց Պատանեկան խոստման արարողութեան կարեւորութիւնը: Ապա խօսք առաւ Պատանեկան վարիչ մարմինի ատենապետ Վաչէ Տօնոյեան, որ նոյնպէս անդրադարձաւ Դաշնակցական ընտանիքին մաս կազմելու առաջին խոստման արարողութեան իմաստին ու կարեւորութեան:
Ձեռնարկին ընթացքին նկատելի էր պատանիներու խանդավառութիւնն ու ուրախութիւնը եւ նոյն ժամանակ կարգապահութեան գիտակցութիւնն ու հետեւողականութիւնը:
Այո՛, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքին մէջ է, որ կը ծնին հերոսներ, որոնք կը գիտակցին հայ ժողովուրդի շահերուն կարեւորութեան:
Այո՛, Դաշնակցութեան մեծ ընտանիքն է, որ սփիւռքահայ պատանիներն ու երիտասարդները կը միացնէ իրարու:
Գաղութէ գաղութ հասակ նետող հայ երիտասարդներու տէր կանգնելու դրօշակակի՛րն է Դաշնակցութիւնը: Հայ պատանիին, հայ երիտասարդին ազգային դաստիարակութեան տո՛ւնն է Դաշնակցութիւնը:
ՊԱՏԱՆԵԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՎԱՐԻՉ ՄԱՐՄԻՆ
—————————————————————————————————————–
ՀՅԴ Պատանեկան Մասնաճիւղերու Երգի Մրցոյթ Եւ Խոստման Արարողութիւն
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Պատանեկան ընդհանուր վարիչ մարմինին միջոցաւ, Կլէնտէյլի «Շանթ» եւ «Ս. Զաւարեան» մասնաճիւղերը այս տարի կազմակերպեցին միջ-պատանեկան մասնաճիւղերու երգի մրցոյթ մը, որուն յաջորդեց Պատանեկան խոստման արարողութիւն:
Երգի մրցոյթը եւ խոստման արարողութիւնը տեղի ունեցան Ուրբաթ, Յունիս 5ին, Կլէնտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ սրահին մէջ: Երեկոն սկսաւ, երբ բոլոր ներկաները միասնաբար երգեցին ՀՅԴի քայլերգը՝ «Մշակ Բանուոր»ը:
Հիւրասիրութենէն ետք, այդ զանազան մասնաճիւղերը, որոնք ներկայ էին՝ Քրեսէնթա հովիտէն, Կլէնտէյլէն, Սան Ֆերնանտօ հովիտէն, Օրէնճ Քաունթիէն, Փասատինայէն եւ Մոնթեպէլլոյէն, բեմ բարձրացան ու երգեցին յեղափոխաշունչ երգեր: Մասնաճիւղերը երգեցին իրենց կողմէ ընտրուած երգ մը, առաւել իրենց համար նշանակուած ուրիշ մը՝ Սերոբին եւ Սօսէին երգը: Հպարտ պատանիները երգեցին ու փշաքաղեցին բոլոր ներկաները: Պատանիները երգով կապուեցան իրենց արմատներուն հետ, իրենց ոգիին հետ եւ իրենց պատմութեան հետ: Անոնց սքանչելի ձայնը հազար ճառ արժեց, երբ թափանցեց բոլորին կուրծքէն ներս:
Մրցոյթէն ետք, 81 նորագիր պատանիներ բարձրացան բեմ եւ տուին ՀՅԴ Պատանեկանի իրենց ուխտը Հայաստանին եւ հայութեան, իսկ մնացած պատանիները՝ նորոգեցին իրենց ուխտը:
Կը շնորհաւորենք նոր պատանիները եւ յոյսով ենք, որ անոնք ազգապահպանման ապագայ սերունդի նոր գործիչները կը դառնան՝ ըլլալով տիպար հայորդիներ: Կը շնորհաւորենք նաեւ Օրէնճ Քաունթիի «Սերոբ Աղբիւր» մասնաճիւղը, որ հանդիսացաւ այս տարուան երգի մրցոյթին ախոյեանը:
ՎԵՐԺԻՆԻ ԹՈՒԼՈՒՄԵԱՆ
(16 տարեկան)
Կլէնտէյլի «Ս. Զաւարեան» Մասնաճիւղ