«ԱՍՊԱՐԷԶ».- ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութենէն ստացած ենք հետեւեալ հաղորդագրութիւնը.
Հինգ շաբաթներ կը բաժնեն մեզ համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերէն, որոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան անկախ Հայաստանի մէջ, 1-8 Օգոստոս 2009ին, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄի Կեդրոնական վարչութեան, հիւրընկալութեամբ ՀՄԸՄի Հայաստանի ընտանիքին։
Անոնք, որոնք նախապէս մասնակցած կամ ներկայ գտնուած են համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերու, ծանօթ են անոնց հմայքին եւ չորս տարուան կարօտ մը ունին դարձեալ վերապրելու համա-ՀՄԸՄական ձեռնարկի մը վայելքը։ Իսկ անոնք, որոնք միայն լսած ու կարդացած են անոնց մասին, իրենց գիտցածները իրականութեամբ տեսնելու անձկութիւնը ունին։
Ամէն ինչ իրականութիւն պիտի դառնայ եւ հայ մարզական կեանքի արդի պատմութեան կարեւոր մէկ էջը պիտի գրուի, երբ ՀՄԸՄի մարզական բանակը 8 յիշատակելի օրեր անցընէ միութենական եւ ազգային կենարար մթնոլորտի մէջ, հայկականութեամբ եւ ՀՄԸՄականութեամբ ամրապնդուած։
Եւ այս է արդէն կարեւորը, հայու ինքնաճանաչման եւ ուժերու վերարժեւորման փաստը՝ մարզական այս ձեռնարկին ընդմէջէն։ Մնացեալը ծանօթ մանրամասնութիւն է, ընկալեալ սովորութիւն. բաժակ, մետալ եւ պարգեւատրում։ Մինչդեռ իսկական պարգեւատրուողը ի՛նքն է, ՀՄԸՄը, իբրեւ միութիւն, իսկ գլխաւոր ու միակ յաղթականը՝ հայութիւնը, որ գիտէ ապրեցնել ՀՄԸՄը եւ ապրիլ ՀՄԸՄով, տեւաբար իր արիւնը թարմացնելով ու իր հաւատքը զօրացնելով համա-ՀՄԸՄական նման մարզախաղերէ քաղած իր ներշնչումով։
Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը, անկասկած, եզակի պիտի ըլլան իրենց բնոյթով եւ տարողութեամբ։ Արդարեւ, 28 տարուան իրենց պատմութեան մէջ, անոնք առաջին անգամ ըլլալով տեղի պիտի ունենան Արարատի շուքին տակ, Երեւանի մէջ, անկախ պետականութեան համապատասխան նախարարութիւններու հովանաւորութեամբ եւ հայրենի մարզական ֆետերասիոններու աջակցութեամբ։ Մրցումները պիտի կատարուին հայկական հողի վրայ, հայ իրաւարարներու հսկողութեամբ եւ ամբողջովին հայաշունչ մթնոլորտի մէջ։
Մասնակցութեան իմաստով, 13 երկիրներէ 500 մարզիկ-մարզիկուհիներու ներկայութիւնը իր կարգին աննախընթաց երեւոյթ է։ Մարզախաղերուն մասնակից շրջանները պիտի ըլլան Արեւելեան եւ Արեւմտեան Մ. Նահանգները, Հարաւային Ամերիկան (Արժանթին, Ուրուկուէյ), Աւստրալիան, Քանատան, Պուլկարիան, Լոնտոնը, Փարիզը, Մոսկուան, Երուսաղէմը, Գահիրէն, Աղեքսանդրիան, Քուէյթը, Սուրիան եւ Լիբանանը։ Իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն նաեւ Իրանի ՀՄԱԿ (Թեհրան), «Արարատ» (Սպահան), «Սարդարապատ» եւ «Սիփան» միութիւնները։ Մարզախաղերը պիտի ընդգրկեն ֆութպոլ (8 խումբ), պասքեթպոլ (տղոց 10 խումբ, աղջկանց 6 խումբ, կրտսերներու 2 խումբ) լող, փինկ-փոնկ եւ ճատրակ։
ՀՄԸՄի Հալէպի եւ Պէյրութի երբեմնի միջ-մասնաճիւղային խաղերուն մթնոլորտը վերակենդանացնող համա-ՀՄԸՄական մարզախաղերը ունին շուրջ երեք տասնամեակի պատմութիւն։
1981էն մինչեւ օրս կազմակերպուած են համա-ՀՄԸՄական եօթը մարզախաղեր, չորսը յատկացուած պասքեթպոլի, իսկ երեքը՝ ֆութպոլի։
1997էն սկսեալ, պասքեթպոլի խաղերուն ընկերացած են վոլիպոլի մրցումներ, իսկ 2005էն սկսեալ՝ նաեւ լողի մրցումներ։
Ֆութպոլի խաղերու կողքին, 1993էն սկսեալ կիրարկուած են աթլեթիզմի մրցումներ։ Այնուհետեւ, չորս տարին անգամ մը մարզախաղերը ունեցած են նորութիւն մը. 2001ին՝ փինկ-փոնկ, 2005ին՝ լող, իսկ 2009ին՝ ճատրակ։
Մարզախաղերուն ՀՄԸՄի շրջաններու մասնակցութեան պատկերը կրած է փոփոխութիւններ։ 1981ի Ա. մարզախաղերուն (Թորոնթօ, Մոնթրէալ) մասնակցած են 8 շրջաններ, Բ. մարզախաղերուն (1985, Լոս Անճելըս)՝ 7 շրջաններ, Գ. մարզախաղերուն (1990, Վալանս)՝ 9 շրջաններ, Դ. մարզախաղերուն (1993, Թորոնթօ, Մոնթրէալ)՝ 7 շրջաններ, Ե. մարզախաղերուն (1997, Ուաշինկթըն, Նիւ Ճըրզի)՝ 9 շրջաններ, Զ. մարզախաղերուն (2001, Պէյրութ)՝ 10 շրջաններ, իսկ վերջին՝ Է. մարզախաղերուն (2005, Աթէնք)՝ 10 շրջաններ, առաւել Թեհրանի ՀՄԱԿը։
Համա-ՀՄԸՄական 8րդ մարզախաղերը անկրկնելի յիշատակներ պիտի պարգեւեն մասնակից մարզիկներուն եւ անոնց ընկերակցող պատասխանատուներուն, որոնք իրենց երկիրներէն Հայաստան պիտի գան անհամբեր ու խանդավառ, իսկ Հայաստանէն տուն պիտի վերադառնան ոգեւորուած ու հպարտ, աւելի՛ ամուր փարած ՀՄԸՄի դաւանած ազգային արժէքներուն եւ աւելի՛ ամուր կառչած հայու ապագային։
ՀՄԸՄ-Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ
26 Յունիս, 2009