ԱՆԹԻԼԻԱՍ.- Վերջերս «Եունէսքօ»ն կարեւոր գիրք մը հրատարակեց՝ «Մշակութային արժէքներ Քրիստոնեայ ու Իսլամ կրօններուն մէջ» խորագիրով։
Արաբերէն լեզուով հրատարակուած այս գործին մէջ կարեւոր տեղ յատկացուած է Հայ եկեղեցւոյ ու յատկապէս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան։ Յիշեալ գործի հրատարակութեան մէջ իր նպաստը ունեցաւ կաթողիկոսարանի Միջ-եկեղեցական յարաբերութեանց յանձնախումբը եւ մանաւանդ նոյն յանձնախումբի անդամ դոկտ. Ժան Սալմանեանը։