Կեանքի դառն իրականութիւններէն մէկն է բաժանումը, որուն հետեւանքով կը գոյանայ անտեսանելի սակայն առկայ ծուխը, որ մեզի կը պատմէ մխացող հոգիներուն իրական ապրումներուն մասին:
Երկար տարիներ անխոնջ ծառայելէ ետք իր շատ սիրած վարժարանին՝ Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանին՝ զայն բեղուն եւ յարաճուն յաջողութիւններու բարձունքին հասցնելով, վարժարանիս վաստակաշատ տնօրէն՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեան Ուրբաթ Յունիս 19, 2009ին, կէսօրէ ետք ուսուցչական ժողովին ընթացքին յուզումնախառն ապրումներով իր սիրելի ուսուցչակազմին յայտարարեց տնօրէնութեան պաշտօնէն հրաժարելու մասին:
Ան հետեւեալ ձեւով բնութագրեց պահու իր ապրումները. «Բոլորովին այլ ասպարէզ ուղղուելու համար կը հեռանամ շատ սիրելի «Փիլիպոս»էն, որ ինծի համար երկրորդ տուն է անտարակոյս: Ցաւով կը հեռանամ այն հաստատութենէն, որուն մէջ եմ մօտաւորապէս 25 տարիներ, իսկ վերջին 16 տարիները ստանձնած եմ անոր տնօրէնութիւնը հաւատալով եւ վստահելով ազգային վարժարանի բարձր առաքելութեան եւ սերունդներ կերտելու հրաշագործ կարելիութեան»: Դոկտ. Եագուպեան նաեւ յիշեց, որ «Եթէ երբեք կրկին ծնիմ ու ասպարէզ ընտրելու ըլլամ, պիտի ընտրեմ կրկին կրթական մշակ ըլլալով ազգիս ծառայելու քաղցր, միաժամանակ ծանր պարտականութիւնը»:
Այս յայտարարութիւնը կատարած րոպէէն արդէն ուսուցչարանէն ներս կը տիրէր տխուր մթնոլորտ: Բոլորս ալ զարմացած եւ ապշած կը փորձէինք մեր ականջներուն լսածը մերժել եւ հերքել: Քաջ գիտակցութիւնը ունէինք, թէ կը կորսնցնենք մեծ մարդ մը, արդարամիտ ղեկավար մը, որուն ցուցմունքները ու քաջալերանքները վայելած ենք իբրեւ ուսուցիչ եւ նաեւ աշակերտները իրենց կարգին նոյնքան վայելած են ու քաջալերուած եւ մինչեւ իսկ իրենց սեփական հերոսը դարձուցած են նման անձնաւորութիւն մը:
Մեր մեծերէն լսած ենք. «Անձ մը լաւ ճանչնալու համար, հետը գործ պէտք է ունենաս», եւ մենք բոլորս կը վկայենք, թէ զինք ճանչցած ենք գործի ժամանակ եւ մեր արդար գնահատականները դրոշմած ենք մեր հոգիներուն մէջ: Խրատած, ուղղած, դաստիարակած է իր համբերութեամբ, հանդարտութեամբ եւ խոնարհութեամբ: Քաջութեամբ եւ հաւաքական շահին հետամուտ սրբագրութիւններ կատարած է այն հասունութեամբ, որ ամէն մարդ ջանացած է ինքնասրբագրումի ուղին որդեգրել:
Բարին խթանած է բոլորիս մէջ: Սիրով դաստիարակած ու առաջնորդած է ազգային վարժարանի առաքելութեան հաւատացող խոնարհ ծառայողները: Արդարամտութեամբ, խղճամտութեամբ, բայց նաեւ վճռակամութեամբ դատած է:
Բոլորս միասին կ՛ըսենք մեր շատ սիրելի տնօրէնին՝ դոկտ. Վիգէն Եագուպեանին, Աստուած հետդ, Բարին դէմդ, Կանաչ ըլլայ ճանապարհդ: Քեզի հանդէպ մեր յարգանքը պիտի շարունակենք եւ նաեւ պիտի սիրենք եւ յարգենք մեր նոր տնօրէնը: Այդ իսկ կը խոստանանք գործել հաւատարմօրէն նոր տնօրէնին հովանաւորութեամբ նաեւ այնպէս, ինչպէս գործեցինք ձեզի հետ: Ձեր ջանքերով նուաճուած Փիլիպոսեան յաջողութիւնները թող ըլլան մնայուն եւ կայուն: Կը խոստանանք, որ հաւաքաբար, իբրեւ «Փիլիպոս»ի մեծ ընտանիք, մեր կարելին պիտի ընենք երկար տարիներէ ի վեր խոյացող Փիլիպոսեան թռիչքը դարձնել մեր սիրելի վարժարանին վարքը, մշտական ընթացքը եւ նորանոր բարձունքներ նուաճելու ամուր եւ հաստատուն վէմը: Վստահ ենք որ այն ատեն միայն կրնաս ուրախ ըլլալ, ինչպէս որ քանիցս շեշտեցիր նոր տնօրէնին ամէն գնով օգնութեան ձեռք մեկնելու այս ազնիւ գաղափարը: Մեր սէրն ու նուիրումը պիտի շարունակենք մեր սիրելի վարժարանին հանդէպ:
Հպարտ ենք եւ կը խոնարհինք տարիներու ձեր անխոնջ աշխատանքին, վաստակին, նուիրումին, սերունդներ դարբնող ազգային բարձր գիտակցութեան եւ մարտահրաւէրներ կարդացող խիզախ գործունէութեան առջեւ:
Թամար Թիւֆէնկճեան