ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ Օկան համալսարանի դասախօս, պատմական գիտութիւններու դոկտոր Պատէմ Ճանտան գիտական մենագրութիւն պատրաստելու համար Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ կը կատարէ ուսումնասիրութիւններ՝ «Կարսի մարզը Ռուսաստանի կազմում 1878-1918 թուականներին» թեմայով: Պատմաբանը գոհ եւ շնորհակալ է Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրինութենէն՝ իրեն ամէն կերպ օգնութիւն ցուցաբերելուն եւ ուսումնասիրութիւնները ազատօրէն կատարելու հնարաւորութիւնը տալուն համար: «Արդէն 8 օր է, որ այստեղ լիարժէք կերպով կ՛աշխատիմ: Ուրախ եմ, որ Հայաստանի ազգային արխիւը բաց է բոլորին համար եւ փաստաթուղթեր գտնելու համար փակ դռներ չկան: Կը կարծեմ, որ կրկին կու գամ», ըսած է Պ. Ճանտան: Ան Կարսի մարզի Արտահան քաղաքէն է եւ ցանկութիւն ունի պարզել իրեն հարազատ վայրերուն պատմութիւնը: «ՀՀ ազգային արխիւին մէջ ստեղծուած են աշխատանքային լաւ պայմաններ: Կը կարծեմ, որ Թուրքիայէն այլ պատմաբաններ եւս պիտի գան Հայաստան՝ ուսումնասիրութիւններ կատարելու համար: Կը վստահեցնեմ, որ նոյնը կրնան ընել նաեւ հայ պատմաբանները թրքական արխիւներուն մէջ», յայտնած է Պոլիսէն եկած դասախօսը եւ աւելցուցած, որ հայ-թրքական երկկողմանի յարաբերութիւնները դէպի կարգաւորում կ՛երթան, այսինքն՝ կարելի է ըսել, որ արդէն յարաբերութիւններ ստեղծուած են: Ճանտանի կարծիքով, «Ի վերջոյ բոլոր խնդիրները պիտի լուծուին», իսկ իրականութիւնը պարզելու համար անհրաժեշտ են բաց քննարկումներ՝ հայ եւ թուրք հասարակութիւններուն միջեւ։
Նշենք, որ թուրք պատմաբանը հրաժարած է Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ իր կարծիքը արտայայտելէ՝ նշելով, որ անիկա քաղաքական ենթաթեքսթ կը պարունակէ իրեն մէջ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
“ayo kaghakagan yentatexte” échou tsak
intch gardzetsir?