ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ նոր կառուցուած Թեզէպիր մզկիթի համալիրի բացման արարողութեան ընթացքին յայտնած է, թէ «Հարաւային Կովկասի մէջ տագնապներու գոյութիւնը մեր հասարակաց զարգացման մեծ արգելք մը եւ սպառնալիք մըն է»։
Ալիեւ յայտնած է, որ այդ սպառնալիքներէն մեծագոյնը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապն է։ Ան ըսած է, որ տագնապը 15 տարուան զինադադարին ընթացքին չէ լուծուած եւ Ատրպէյճանի «յաւիտենական հողամասերուն քսան առ հարիւրը բռնագրաւումի տակ կը գտնուի»։
«Ցեղային մաքրագործումի քաղաքականութեան իբրեւ արդիւնք, մեր մէկ միլիոն քաղաքացիները գաղթական եւ ներքին տեղահանուած անձերու վերածուեցան։ Հայկական զինեալ ուժերը բռնագրաւուած հողերուն վրայ ամէն բան՝ շէնքեր, տուներ, դպրոցներ, հիւանդանոցներ եւ մզկիթներ քանդեցին։ Ատիկա վերջ պէտք է գտնէ եւ այս տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն միջազգային օրէնքի հիմամբ։ Ամէն մարդ գիտէ միջազգային օրէնքի արժէչափերը։ Աշխարհի գլխաւոր միջազգային ընկերութիւնները՝ ՄԱԿը եւ անոր Ապահովութեան խորհուրդը, ատրպեճանական հողերէն հայկական զինեալ ուժերուն հեռացումը պահանջող չորս որոշումներ որդեգրեցին։ Դժբախտաբար Հայաստան այդ որոշումներուն կարեւորութիւն չ՛ընծայեր»։
Ատրպէյճանի նախագահը յայտնած է, որ ԵԱՀԿը, Իսլամական պետութիւններու կազմակերպութիւնը եւ վարկ ունեցող միջազգային այլ կազմակերպութիւններ այս հարցին վերաբերեալ արդար կեցուածք ճշդեցին. «Այս կեցուածքը այն է, թէ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը պէտք է վերականգնի, բռնագրաւող բոլոր ուժերը պէտք է մեր հողերէն հեռանան։ Խաղաղութեան համաձայնութիւնը միայն ատկէ ետք կրնայ ստորագրուիլ»։
Ալիեւ վստահութիւն յայտնեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը եթէ շուտով իր լուծումը գտնէ, ամբողջ Կովկասի վրայ դրական ազդեցութիւն պիտի ունենայ, «որովհետեւ Կովկասը հասարակաց յօրինուածք մըն է»։