ԾՈՎԻՆԱՐ ՂԱԶԱՐԵԱՆ-ՄԵԼՔՈՆԵԱՆ
Վերջապէս հասաւ այն պահը, որ իր թելադրականութեամբ օրերէ ի վեր կ՛ալեկոծէր մեր հոգիները եւ կը տամկացնէր մեր աչքերը։ Յուզումի, ցասումի եւ ընդվզումի ապրումներու տարափին տակ կը մերժենք հաշտուիլ այն իրողութեան հետ, թէ հրաժեշտի պահն է եւ մենք բարի երթ պիտի մաղթենք մեր այնքան սիրելի ու թանկագին տնօրէնին։
Իր մեկնումով մենք կը կորսնցնենք հարազատ մը, սրտակից մը, անկեղծ խորհրդատու մը, ողջմիտ ղեկավար մը, որ ինչպէս ականատես եղանք Կիրակի, Յունիս 21ին, իր այնքան գեղեզիկ «Հուսկ բանք»ի աւարտին իր հրաժարականը յայտնեց ի՛ր իսկ պաշտած դպրոցին եւ որոտընդոստ ծափողջոյններուն դիմաց ամբողջ էութեամբ խոնարհեցաւ բոլորին՝ ծնողներուն, շրջանաւարտներուն եւ ուսուցչական կազմին առջեւ, անգամ մը եւս հաստատելով իր համեստութիւնն ու հոգիին մեծութիւնը։
Իւրաքանչիւր հանդէսի աւարտին, իր ելոյթով ինզինք գերազանցած է մեր տնօրէնը, նոր մտահորիզոններ բանալով մեր բոլորին առջեւ, այնպիսի անմիջականութեամբ ու հաղորդականութեամբ, որ միայն «Ալէք Փիլիպոս»ի մթնոլորտին թելադրանքն է ու միայն դոկտոր Վիգէն Եագուպեանով գլուխ գործոցի կը վերածուի ու յատուկ իմաստ կը ստանայ։
Այսօր, անսալով ձեր մէկ ակնարկութեան, թէ՝ «զգացական զեղումներ չունենաք», պիտի ցանկանայի, որ այս հաւաքը վերածուի մեծարանքի ու ցնծութեան հանդիսութեան՝ ի պատիւ ձեզի, սիրելի՛ տնօրէն. Ձեր ճառագայթող անձնաւորութենէն մեզի շողարձակուած լոյսի ծուէնները թափանցած են բոլորիս ներաշխարհները՝ շունչ ու աւիշ ներարկելով, շարունակելու այն աւանդը, որ ձեզմով հիմք դրած է այս վարժարանէն ներս, այդ ալ այն ներդաշնակութեան մթնոլորտն է, որ ստեղծուած է ձեր օրով։
Ինչպէս ծանօթ է բոլորիս, սիրելիներ, հակառակ իր երիտասարդ տարիքին տնօրէնութեան պաշտօնի կոչուելուն, դոկտոր Վիգէն Եագուպեան խորունկ իմաստութեամբ յաջողած է գտնել յատուկ եզրեր, «ֆորմիւլաներ» պիտի ըսէի, որոնք ստեղծեցին հաւասարակշռութիւններ վարժարանիս մաս կազմող անհատներու միջեւ մէկ կողմէ ու անհատներու եւ մարմիններու միջեւ միւս կողմէ, իսկ իր որդեգրած չափանիշները նպաստեցին ստեղծելու համերաշխութեան միջավայր մը, ուր ուսուցիչ-աշակերտ-ծնողք կրցան իրենց ներուժը տրամադրել եւ ներդրում ունենալ վարժարանի ուսումնական եւ կառուցողական վերելքին։
Ահա այս էր դոկտոր Եագուպեան. տասնվեց տարուան ընթացքին վստահութեան այնպիսի մթնոլորտ մը ստեղծած էր, որ դպրոցասէրներ եւ հայ վարժարանի առաքելութեան հաւատացող անհատներ իրենց քսակները լայնօրէն բացին վարժարանիս ընդարձակման ու բարենորոգման ծրագիրներուն համար։ Չկար մէկը, որ սիրայօժար չընդառաջէր Վիգէն Եագուպեանի դիմումին. բոլորը խոր համոզում ունէին, որ իրենց նուիրաբերած գումարները լիովին պիտի ծառայէին վարժարանիս ներկային եւ ապագային. ան արդարօրէն կը վայելէր ամբողջ համայնքին համարումը։
Այդ վստահութեան քուէն ուսուցիչներուն եւ պաշտօնէութեան մօտ քիչ մը աւելիով շահած էր դոկտոր Եագուպեան։ Չկայ մէկը, որ չէ վայելած իր հանդարտաբարոյ նկարագրին եւ մարդասիրութեան բարիքները։ Չկայ մէկը, որ չըսէ. «Ափսո՜ս. գանձ մը կը կորսնցնենք», կամ չխոստովանի, որ ան «անփոխարինելի է» այնպէս, որ այլեւս այս վայրը նոյն համն ու բուրմունքը պիտի չունենայ…։ Շարքը երկար է այն գեղեցիկ դրուատիքներուն, որոնք կու գան աշակերտներէն, ծնողներէն ու մանաւանդ զինք սիրող եւ յարգող ուսուցիչներէն։ Ընդհանրապէս որոշ թիւով ուսուցիչներ ուրախութեամբ կ՛ողջունեն այս կամ այն տնօրէնի մը հրաժարման լուրը. այստեղ ի յայտ եկաւ հակառակ պատկերը. հոգեկան բեկումի եւ ուշացած հիացումներու շշուկներ կը շրջին։ Կարգ մը ծնողներ բացայայտօրէն յայտնեցին. «Մենք այս տնօրէնին վստահելով՝ մեր զաւակները այս դպրոցը բերած էինք. այլեւս կ՛ուզենք մեր զաւակները ուրիշ դպրոց փոխադրել»։ Ահաւասիկ ցայտուն օրինակ մը, թէ ինչպէ՛ս դոկտոր Եագուպեան իր անջնջելի դրոշմը դրած է այս վարժարանի դիմագիծին վրայ եւ զայն վերածած է ամրակուռ կառոյցի մը, որ դիւրութեամբ պիտի չնահանջէ. այսօր այս բեմէն կո՛չ կ՛ընեմ բոլոր պաշտօնակիցներուս, որ մեր համատեղ ու միահամուռ ջանքերով քալենք Վիգէն Եագուպեանի գծած ու կառուցած ուղիին վրայ, որ վարժարանս շարունակէ իր վերջին տասնամեակի վերելքն ու խոյանքը իբրեւ կրթական օճախ. ու ոչ միայն կենդանի պահենք իր կտակած աւանդը, այլ հարստացնենք եւ ուռճացնենք զայն։ Թող «Ալէք Փիլիպոս»ը յարատեւէ եւ ազգային փարոս դառնայ ոչ միայն «Լիթըլ Արմինիա»ին, այլ ամբողջ ամերիկահայ համայնքին։
Այնպէս ընենք, որ մեր սիրելի տնօրէնը չզղջայ իր առած քայլին համար եւ ոչ մէկ ծնողք չվարանի իր զաւակը «Աշխարհ Փիլիպոս»ի խնամքին յանձնելու, ա՛յն աշխարհը, որ երփնագրուեցաւ Վիգէն Եագուպեանով. ա՛յն աշխարհը, որ իր մտքի ու սրտի կաթիլներով ծաւալեցաւ, երանգաւորուեցաւ՝ խորք ու իմաստ տալով սերունդներու ուսման նպատակներուն եւ սլացք տալով անոնց երազներուն։
Աշխարհ մը, որ ձեզմով իմաստաւորուած էր, սիրելի տնօրէն ու Ձեր մեկնումով կը գոյանայ անջրպետ մը, զոր դժուար է կամրջել։ Ես վստահ եմ, որ ո՛ւր ալ գտնուիք, մօտիկ թէ հեռու, տակաւի՛ն պիտի գուրգուրաք այս վարժարանին վրայ, որ Ձեր հոյակերտ կառոյցն է եւ վստահ, որ Ձեր ներկայութեամբ պիտի պանծացնէք վարժարանիս 3Օամեակի հանդիսութիւնները յառաջիկայ ուսումնական տարեշրջանին։ Ո՛ր ուղղութեամբ ալ առաջնորդուիք, բախտաւոր են անոնք, որոնք պատիւը պիտի ունենան դառնալու Ձեր գործակիցները. ինչպէս որ մենք կեանքի դասեր քաղեցինք, այնպէս ալ անոնք Ձեր լայնախոհութեան եւ ձեռներէցութեան բարիքները պիտի վայելեն, անոնք, որոնք մեզմէ աւելի բախտաւոր կը համարուին այս պահուս։
Խօսքս կը փակեմ մեր ժողովուրդին գործածած գեղեցիկ մաղթանքով՝ «Կանաչ ճանապարհ» մեր ազնուական տնօրէնին եւ մեծատառ ՄԱՐԴՈՒՆ։
Շնորհակալութիւն եւ բարի երթ։