Դեսպան Մէրի Եովանովիչ Լոս Անճելըսի համայնքին իր տուած այցելութեան ընթացքին, փափաք յայտնած էր ներկայ գտնուելու հայկական Ս. պատարագի։ Հետեւաբար, ան Կիրակի, 28 Յունիսին այցելեց Հոլիվուտի Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցին ու ներկայ եղաւ արարողութեանց։
Նշենք, որ նոյն օրը, առաջնորդ սրբազանին տնօրինումով, մեր բոլոր եկեղեցիներուն մէջ տեղի ունեցած էր Հայրապետական մաղթանք:
Այս առիթով, առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան սրբազանը նախագահեց Ս. Կարապետ Մայր եկեղեցւոյ Ս. պատարագին ու Հայրապետական մաղթանքի արարողութեան: Իր պատգամին մէջ, առաջնորդ սրբազանը հայերէն ու անգլերէն լեզուներով բացատրեց, թէ Հայրապետական մաղթանքը կը կատարուի Արամ Ա. կաթողիկոսի ընտրութեան եւ օծման 14րդ տարեդարձին առիթով, ապա հրաւիրեց ներկաները աղօթք բարձրացնելու առ Աստուած՝ վեհափառ հայրապետի արեւշատութեան ու ընդերկար գահակալութեան համար։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ «Կարապետեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պատշաճ հիւրասիրութիւն մը՝ կազմակերպութեամբ եկեղեցւոյ հովիւ Վիգէն Ա. քհնյ. Վասիլեանի ու Հոգաբարձութեան։ Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան անդամներ, կազմակերպութեանց ու միութենական ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ գործակիցներ։
Յաւուր պատշաճի խօսքերու փոխանակումէն ետք, Հոգաբարձութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց հիւր դեսպանը: