Ռ. ՀԱՏՏԷՃԵԱՆ
Նոր էի ստանձներ հայերէն թերթի խմբագրապետի պաշտօն ու մեծ խանդավառութեամբ արձագանգ կը հանդիսանայի Ամերիկահայ կամ Ֆրանսահայ, կամ Քանատահայ կեանքէ ստացուած լրատուութիւններուն։ Մանաւանդ Ամերիկահայ կեանքէն։ Նշանաւոր դէմքեր ունէինք հոն, որոնց մասին տասը օրը անգամ մը լուր մը կը հրատարակուէր։ Հանդէսներ կը սարքէին, բացումներ ու հիմնարկէքներ կ՛ընէին, ճառեր կը խօսէին, ճաշա–պարեր կը սարքէին, եւ դեռ ինչեր։ Կ՛ուրախանայի որ այսքան եռուն հայկական կեանք կայ հոն, այդ նոր ու հեռաւոր աշխարհին մէջ։ Կ՛ուրախանայի որ այդ հեռաւոր հորիզոններուն վրայ հայերը կը շարունակէին ապրեցնել իրենց ինքնութիւնը, բարքերը, իրենց լեզուն ու մշակոյթը։ Նոյնիսկ անհամբեր էի երթալու իրենց մօտ, մտնելու իրենց աշխարհէն ներս։
Օր մըն ալ առաջին անգամ ըլլալով գացի մինչեւ այդ հորիզոնները ու մտայ Ամերիկահայերու ապրած այդ կեանքէն ներս։ Այլեւս յաճախ նոյն սրահին մէջ էինք այն նշանաւոր անձնաւորութիւններուն հետ, որոնց մասին լուրեր կը հաղորդէի շարունակ։ Միայն թէ կար կէտ մը, որ ահաւոր կերպով ցնցեց զիս։ Յանկարծ տեսայ, որ այդ նշանաւոր ազգային գործիչները, որոնց մասին այնքան շատ լուր տպած էի, որոնց ճառախօսութիւնները հրատարակած էի, հայերէն չէին գիտեր։ Ասոնք անգլերէն կը խօսէին թէ՛ հրապարակաւ, թէ՛ իրենց շուրջիններուն հետ։ Ես այս կէտին մասին գաղափար չէի ունեցած։ Եթէ սա կամ նա անձին հայերէն մէկ ճառախօսութիւնը ղրկած էին ինծի, ես կարծած էի որ ան հայերէնով ըրած էր այդ ճառախօսութիւնը։ Մինչդեռ հիմա կը հասկնայի, որ ատիկա խաբկանք էր, ինծի ղրկուածը պարզապէս ճառախօսութեան հայերէնի թարգմանուած պատճէնն էր։ Որքան ալ ազնիւ գործ տեսնէին, որքան ալ նշանաւոր ըլլային ու բախտորոշ դեր կատարէին, այս մարդիկը հայերէն չէին գիտեր։ Եւ ես իրենց հետ դէմ դիմաց նստած, չկրցայ հայերէն խօսիլ, ստիպուեցայ անգլերէնով արտայայտուիլ, կամ մտիկ ընել անոնց անգլերէն խօսակցութիւնները։
Այսօր այդ թուականին վրայէն անցած են ճիշդ 29 տարիներ, ուր որ է պիտի ըլլայ 30։ Բայց բնաւ չեմ կրնար մոռնալ թէ ինչպիսի բան մը տապալած էր սրտիս մէջ, երբ տեսած էի որ այս նշանաւոր անձերը, որոնց անունները կը լեցնէին հայատառ թերթի սիւնակները, հայերէն չէին գիտեր։ Ճիշդ այդ պատճառաւ ալ շարունակ կը մտածեմ որ նոյն խաբկանքը կրնանք յառաջացնել մեր ընթերցողներուն մօտ, երբ արձագանգ կը հանդիսանանք մեր ազգային հաստատութիւններուն, մեր դպրոցներուն, մեր եկեղեցիներուն, մինչեւ իսկ մեր Պատրիարքարանին մասին մեր հրատարակած կարգ մը լուրերով, որոնք լեցուն են բանախօսութիւններով, ճառախօսութիւններով, կարծիքներով եւ ցուցմունքներով։ Ընթերցողները, երբ պիտի կարդան այդ լուրերը, ինքնաբերաբար պիտի կարծեն որ բոլոր այս ձեռնարկները կայացած են հայերէն լեզուով։ Մինչդեռ միայն լուրն է որ հայերէն է։ Խօսակցութիւնները հայերէնով եղած չեն։ Մեր հրատարակածները թարգմանութիւններն են պարզապէս։
Բայց խաբկանքը կայ ու կը շարունակուի։ Վերջերս մեր վարժարաններէն մէկուն աշակերտուհիները խումբով այցելութեան եկած էին զիս, հրաւիրելու համար իրենց կողմէ կազմակերպուած աշխատաժողովի մը։ Ժողովը կազմակերպուած է փիլիսոփայութեան երկու ուսուցչուհիներու կողմէ։ Հարուստ յայտագիր մը պատրաստուած էր։ Շնորհալի աղջիկներ ու տղաներ պիտի խօսէին փիլիսոփայական նիւթերու մասին։ Ի՜նչ լաւ էր, ինծի համար որքան ուրախացուցիչ էր որ մեր դպրոցներուն մէջ փիլիսոփայութիւն կը դասաւանդուէր, փիլիսոփայական նիւթերու վրայ ժողովներ կը կազմակերպուէին, աշակերտներ զեկուցումներ կ՛ընէին։ Փիլիսոփայութիւնը ինծի համար շատ սիրելի բնագաւառ էր, երանի՜ թէ ես ալ մասնակցէի այդպիսի ժողովի մը, երանի՜ թէ ես ալ աշակերտներուն խօսէի փիլիսոփայական կարգ մը նիւթերու մասին …։
Բայց յանկարծ հարցուցի.
– Ասոնք հայերէն չեն, կ՛երեւի թէ։
Ուսուցչուհիները շատ բնական հաստատում մը ընելու ձեւով պատասխանեցին.
– Այո, անշուշտ, հայերէն չեն։
Անշուշտ չէր կրնար ըլլալ։ Կարելի՞ էր որ մեր տղաքը հայերէնով խօսէին փիլիսոփայական այսպիսի նիւթերու մասին։ Միայն այդ նիւթերուն լուրն էր որ հայերէն էր։ Պահ մը խաբուած էի պարզապէս։
*
Յաջորդ օր հեռաւոր թաղ մը գացի յուղարկաւորութեան մը ներկայ գտնուելու համար։ Դեռ կանուխ էր։ Եկեղեցիին պարտէզը գեղատեսիլ էր, ծաղիկներով ու կանանչութիւններով զարդարուն։ Նստարանի մը վրայ նստայ ու դիտեցի թէ ինչպէս ժողովուրդը կուգար յարգանքով, կը ստորագրէր ցաւակցութեան տոմարը, նուիրատուութիւններ կ՛ընէր, յետոյ եկեղեցի կը մտնէր։
Այդ միջոցին եկաւ մօտիկ բարեկամ մըն ալ, ազգասէր մարդ, հայ թերթի հաւատարիմ ընթերցող։ Երբ զիս տեսաւ, մօտեցաւ, ձեռքս սեղմեց, որպիսութիւնս հարցուց, յետոյ ըսաւ.
– Այսօրուան թերթը դեռ չեմ տեսած։ Այսօր լաւ լուր մը ունի՞ք։
Պահ մը մտքիս մէջ փնտռեցի օրուան լուրերը։ Բայց յետոյ խնդացի։
– Եթէ հայերէն թերթը այսօր ալ կրցանք հրատարակել, ատիկա արդէն լաւ լուր է։
Բարեկամս ալ խնդաց։ Գլխովը հաստատեց։
– Այո, ըսաւ, ատիկա ինքնին ամենալաւ լուրն է։
«Մարմարա»
Պոլիս