ԿԼԷՆՏԷՅԼ.- «Ապրիլ» գրատունը կազմակերպած է տարբեր մակարդակներու եւ լեզուներու գիրքերու ուսումնասիրական չորս ակումբներ, որոնց կազմութեան համար ծանօթացման հանդիպում մը տեղի պիտի ունենայ Հինգշաբթի, Յուլիս 16ին, երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Իւրաքանչիր ակումբ բաղկացած պիտի ըլլայ առաւելագոյնը 20 անձերէ:
«Հայ մշակոյթ» հատորին նուիրուած ակումբը (տարրական արեւմտահայերէն եւ արեւելահայերէն) պիտի ղեկավարէ Վաչէ Մանկրեանը, որ Երկուշաբթի օրերուն վեց հանդիպումներ պիտի ունենայ, Յուլիս 20էն սկսեալ:
Աթինա Յարութիւնեան պիտի ղեկավարէ Արիս Ճանճիկեանի հեղինակած «Bloodvine» հատորին քննարկումը (անգլերէն), որ տեղի պիտի ունենայ Երեքշաբթի օրերը, հինգ հանդիպումներու ընթացքին՝ սկսելով Յուլիս 28էն:
Անդրանիկ Ծառուկեանի «Մանկութիւն չունեցող մարդիկ» հատորին քննարկումը (միջին արեւմտահայերէն) պիտի ղեկավարէ Լիզա Մանոյեանը, Չորեքշաբթի օրերը, չորս հանդիպումներու ընթացքին, Յուլիս 22էն սկսեալ:
Անթոնիա Արսլանի «Անտոյտներու ագարակը» հատորին քննարկումը (յառաջացած արեւելահայերէն) պիտի ղեկավարեն Կարէն եւ Նարինէ Ձալլաթեանները, Հինգշաբթի օրերը տեղի ունենալիք հինգ հանդիպումներու ընթացքին, որոնցմէ առաջինը տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 30ին:
Բոլոր հանդիպումները տեղի պիտի ունենան երեկոյեան ժամը 7:30ին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ արձանագրուելու համար, դիմել (818) 243-4112 թիւին: