ՆԱԶԱՐԷԹ ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ
Յուլիս 3ը ծննդեան տարեդարձն էր անմոռանալի Մհեր (Ֆրունզիկ) Մկրտչեանի։
1930ին Գիւմրի ծնած մեծատաղանդ դերասանը այսօր նոր 79 տարեկան պիտի ըլլար, եթէ ընտանեկան ողբերգութեամբ անոր բաժին հանուած լուռ ու խոր ցաւը պատճառ չդառնար առողջութեան քայքայումին՝ վաղաժամ մահուան գիրկը նետելով հայ բեմի այնքան սիրուած վաստակաւորին։
Առաւելաբար կենսուրախ եւ կատակերգական դերերով հռչակուած ու հանդիսատեսի պաշտելին դարձած Մհեր Մկրտչեանը իր անձնական կեանքին մէջ, ճիշդ հակառակը, դժբախտ եւ տխուր ապրեցաւ։ Իր առաջին կինը՝ Դոնարա Մկրտչեանը ուղեղի խանգարում ունեցաւ եւ հիւանդանոց մնաց մինչեւ կեանքին վերջը։ Մհեր իր վրայ վերցուց երկու փոքրերուն խնամատարութեան ամբողջ հոգը։ Բայց իր որդին եւս ժառանգած էր մօրը ուղեղային հիւանդութիւնը, ինչ որ ուղղակի խոցեց մեծ դերասանին յուզաշխարհը։ Ֆրունզիկի մտերիմներուն վկայութեամբ, իր կեանքի վերջին տարիներուն, անմոռանալի Մհերը ուղղակի խորտակուած էր ներքնապէս եւ անձնատուր դարձած… գինովութեան։ Այդ ցաւով ալ առյաւէտ փակեց աչքերը 29 Դեկտեմբեր 1993ին։
Բազմահազար երկրպագուներ մասնակից դարձան հայ բեմի առինքնող այս վարպետին յուղարկաւորութեան։ Եւ Մհեր Մկրտչեան անմահացաւ։
Ծնած էր մշեցի հօր եւ վանեցի մօր յարկին տակ։ Մանկութեան յաճախած էր երաժշտական եւ նկարչական դպրոցներ. հետեւած էր նաեւ թատերական ինքնագործ խմբակի։ 1945–1946ին ընդունուած էր Մռաւեանի անուան թատրոնի կից աշխատանոցը, իսկ 1947ին՝ նոյն թատրոնի հիմնական խումբին մէջ։ Հակառակ իր պատանի տարիքին, այդ շրջանին, Մհեր Մկրտչեան բեմ բարձրացած է աւելի քան տասնեակ մը մեծ ու փոք դերերով՝ դերասանական արտակարգ վարպետութիւն դրսեւորելով եւ արժանանալով ընդհանուր քաջալերանքի։
1953ին տեղափոխուեցաւ Սունդուկեանի անուան թատրոն, ուր Վ. Վաղարշեանի ղեկավարութեամբ հետեւեցաւ գեղարուեստաթատերական ուսման։
Իբրեւ թատրոնի տաղանդաւոր դերասան արդէն հաստատուած անուն էր Մհեր Մկրտչեան 1959ին, երբ բեմադրիչ Համասի Մարտիրոսեան զինք հրաւիրեց նկարահանուելու «01–99» կարճամեթրաժ ժապաւէնին մէջ։ Մհերի մարմնաւորած առաջին շարժանկարի կերպարը այնքան յաջող էր ու տպաւորիչ, որ հայ հանդիսատեսը մինչեւ վերջ իր տպաւորութեան մէջ թարմ ու հնչեղ պահեց զայն։
Թէեւ հազիւ 64 տարի ապրեցաւ Մհեր Մկրտչեան, բայց թէ՛ թատրոնի եւ թէ շարժանկարի աշխարհին մէջ նուաճեց հայ բացառիկ արուեստագէտներու շարքին ինքնուրոյն իր տեղը։
1984ին արժանացաւ Խորհրդային Միութեան բարձրագոյն՝ Ժողովրդային Արուեստագէտի կոչումին։
Մհեր Մկրտչեան անմոռանալի պիտի մնայ հայ թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի դասականներուն մէջ՝ իր ստանձնած դերերով եւ մարմնաւորած հերոսներով։ Հայու ինքնատիպ իր դէմքը, հմայիչ արտայայտութիւնը եւ տիրական ձայնը սկիզբէն գրաւեցին հանդիսատեսին միտքն ու սիրտը։ «Նուագախումբի տղաները», «Եռանկիւնի», «Մենք ենք, Մեր Սարերը», «Հայրիկ», «Նահապետ», «Կտոր մը երկինք», «Հին օրերի երգը» եւ հռչակաւոր շատ մը այլ գործերու մէջ իր մարմնաւորած կերպարներով՝ Մհեր Մկրտչեան անմահացուց Հայու իւրայատուկ տիպարը։
Ահա թէ ինչո՛ւ ֆրանսահայ եւ աշխարհահռչակ բեմադրիչ Հանրի Վերնէոյ (Աշոտ Մալաքեան) կը հաստատէ, թէ «Ես լիովին հաւատացած եմ, որ Մհերը դերասան է ծնուել»…
Իսկ հայ թատրոնի մեծ վարպետ Վարդան աճէմեանի համոզումով՝ «Մհեր Մկրտչեանը, իրօք, ծնուած է բեմի համար… Նա ունի խոշոր դերասանի բոլոր տուեալները»։
Որքան ժամանակը կ՚անցնի եւ որքան նոր գործեր կու գան գումարուելու հայ թատրոնի եւ ֆիլմարուեստի խաղացանկին վրայ, հայ հանդիսատեսը դարձեալ ու միշտ մեծ հիացումով կը վերադառնայ Մհեր Մկրտչեանի գործերուն՝ ներքնապէս եւ լիանալու անկրկնելի պահերը վերապրելու համար։