ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Ըստ ականտեսներու հաղորդած տեղեկութիւններուն, Իրանի ոստիկանութիւնը Հինգշաբթի, Յուլիս 9ին դարձեալ արցունքաբեր կազեր գործածելով եւ բռնի ուժի դիմելով՝ ցրուած է հազարաւոր անձերէ բաղկացած ցոյց մը, որ նուիրուած էր 1999ի ուսանողներու ապստամբութիւնը ուժով ճզմելու տասնամեակին։ Այդ ապստամբութեան ընթացքին ուսանող մը սպաննուած էր իշխանութեանց համակիր զինեալներու կողմէ:
Հինգշաբթի օր, ցուցարարները «մահ բռնատէրին» կանչելով, փորձած են հասնիլ Թեհրանի համալսարանը, սակայն ոստիկանութիւնը արգելք հանդիսացած է երթին։