ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր».- Յուլիս 9ին Արմաւիր մարզի Արմաւիր քաղաքին մէջ բացուած է երկաթուղային նոր կայարան մը, որ պիտի սպասարկէ Արմաւիր-Երեւան ուղղութեամբ արագընթաց ելեկտրագնացքներով:
Նշելով Արմաւիր-Երեւան երկաթուղագիծի կարեւորութիւնը մարզին համար՝ Արմաւիրի մարզպետ Աշոտ Ղահրամանեան յայտնած է, թէ պատուէրի պարագային, բացի մարդոց փոխադրումներէն, կարելի պիտի ըլլայ նաեւ իրականացնել բեռնափոխադրումներ, որուն շնորհիւ պիտի աշխուժանայ մարզին տնտեսութիւնը եւ որ խթան պիտի հանդիսանայ տնտեսական զարգացման: