ՄՈՍԿՈՒԱ.- Ըստ «ՌԻԱ-Նովոսթի» լրատու գործակալութեան, Ռուսիոյ նախագահ Տմիթրի Մետվետեւի խորհրդականներէն Սերկէյ Փրիխոտքօ յայտնած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահները Մոսկուայի մէջ իրենց հանդիպումին ընթացքին պիտի շարունակեն Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը լուծելու նպատակով բանակցութիւնները:
Ըստ անոր, այդ բանակցութեանց ընթացքին նախագահները «որեւէ փաստաթուղթ ստորագրելու ծրագիր չունին»։ «Այդպիսի նպատակ գոյութիւն չունի», նշած է ան։ Խորհրդականը աւելցուցած է, թէ Քրեմլինի մէջ հաւանաբար երեք նախագահներու միջեւ հանդիպում մը եւս կայանայ Շաբաթ օր: