ՊՈԼԻՍ, «Ռոյթըրզ».- Շաբաթասկիզբը տեղի ունեցած «Նապուքօ» կազատարի կառուցման համաձայնագրի ստորագրութիւնը, որ կայացաւ Անգարայի մէջ, հարցման նշաններ ստեղծած էր Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի մասին, որովհետեւ ան Անգարա չէր եկած ու նախընտրած էր նոյն օրը Լոնտոն այցելել։
Զանազան երկիրներու նախագահներուն ու վարչապետներուն մասնակցութեամբ կայացած հանդիսութեան չմասնակցելու մասին «Ճիհան» լրատու գործակալութեան թղթակիցին հարցումներուն պատասխանելով՝ Ալիեւ նշեց, թէ շատ գոհ է, որ այս համաձայնագիրը ստորագրուեցաւ, պնդելով, որ Ատրպէյճան բաւականաչափ կազ ունի բոլոր փափաքողներուն բաւարարելու համար:
Սակայն, «Նապուքօ»ի համաձայնագրի ստորագրութիւնը դրուատելու կողքին, Ալիեւ նաեւ ունեցած է հարցականներ ստեղծող արտայայտութիւններ։ Ան ըսած է, որ Պաքու կը սպասէր Թուրքիոյ ու Ատրպէյճանի միջեւ տարանցիկ փոխադրութեան համաձայնագրի մը ստորագրութեան, որ ցարդ չէ իրականացած։ Ան նաեւ ըսած է, որ Ատրպէյճանն էր, որ առաջին քայլը առած է, որպէսզի ստեղծուի «Նապուքօ»ի ծրագիրը, փորձելով կրճատել Թուրքիոյ նախաձեռնութեան բաժինը։
««Նապուքօ»ի ծրագիրը պէտք է հիմնուի հաւասար իրաւունքներու վրայ. եթէ «Նապուքօ»ն մեզի համար օգտակար պիտի ըլլայ, այն ատեն, բնականաբար, կ՛ուզենք ծախել մեր կազը. մենք բոլորին բաւարարող կազ ունինք», ըսած է Ալիեւ: