ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ 20 պատգամաւորներ ունեցող քրտամէտ Ժողովրդավարական ընկերութիւն կուսակցութեան եւ Մարդկային իրաւունքներու թրքական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներէն կազմուած մօտաւորապէս 100 հոգինոց խումբ մը, Անգարայի մէջ Չորեքշաբթի, Յուլիս 15ին կազմակերպուած «Զէնքերը թող լռեն. քրտական խնդիրին՝ խաղաղ, ժողովրդավարական լուծում» թեմայով հանդիպման ընթացքին կոչ ըրին Թուրքիոյ կառավարութեան, որ դադրեցնեն երկրին զինուորական ուժերու կողմէ քրտաբնակ շրջաններուն մէջ շարունակուող ռազմական գործողութիւնները:
Թրքական «Ճիհան» լրատու գործակալութեան համաձայն, Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը նոյն օրը յայտարարած էր, թէ որոշած է մինչեւ Սեպտեմբեր 1 երկարաձգել զինադադարը, որ պիտի աւարտէր Չորեքշաբթի օր: