ՊԷՅԺԻՆԿ, «Ռոյթըրզ».- Չինաստան Չորեքշաբթի, Յուլիս 15ին քննադատեց չինական արտադրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու թրքական կոչը՝ զայն «անպատասխանատու» որակելով։ Մէկ օր առաջ Չինաստան բուռն կերպով դատապարտած էր Թուրքիոյ վարչապետի այն ամբաստանութիւնը, թէ Չինաստան երկրին թրքացեղ փոքրամասնութեան դէմ ցեղասպանութիւն կը գործէ, եւ շեշտած էր, թէ վերջին 60 տարիներուն ույղուր բնակչութեան թիւը եռապատկուած է, 3.29 միլիոնէն 10 միլիոնի հասնելով:
Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Նիհաթ Էրկիւն անցեալ շաբաթ թուրք սպառողներուն կոչ ըրած էր չինական արտադրութիւններ չգնել:
Չինաստանի առեւտուրի նախարարութեան բանբեր Եաօ Ճիան Չորեքշաբթի հակադարձեց Էրկիւնի խօսքերուն՝ յայտնելով, որ ինք վստահ է, թէ պոյքոթ մը պիտի չկիրարկուի։
Եաօ ըսաւ, որ թուրք ղեկավարները Չինաստանի հետ «շատ լաւ կապեր ունին», աւելցնելով, որ կը հաւատայ, թէ լարուածութիւնը «շուտով պիտի մեղմանայ»։