ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Անհաւատալի, բայց իրաւ։ Էյլիյըն Ուիլեըմզ՝ հովիւ մը Կալեսի մէջ, աւելի մեծ գործ կատարած է Հայկական Դատի պաշտպանութեան համար, քան հայերուն մեծ մասը, հակառակ այն իրողութեան, որ ան կապ չունի հայերուն հետ՝ ո՛չ ժառանգութեամբ եւ ո՛չ ալ ամուսնութեամբ։ Իր կատարած բարի գործին համար, ան ո՛չ ճանաչում, ո՛չ ալ գնահատանքի արժանացած է։ Հայերուն մեծ մասը, բացի լոնտոնահայերու փոքր շրջանակէ մը, ո՛չ տեղեակ են անոր գոյութենէն, ո՛չ ալ անոր անձնուրաց գործերէն։
Հայերուն հետ անոր առնչութիւնը սկսաւ 1998ին, երբ հայ ծանօթ մը իրմէ խնդրեց, որ դասաւորէ Հայկական եկեղեցւոյ Դպրաց դասին համար ելոյթ մը Այսթետֆոտի մէջ, կալեսական մշակութային փառատօնին ընթացքին։ Այս մէկը մղեց անոր, որ հիմնէ «Կալես-Հայաստան միասնականութեան» խումբը։
24 Ապրիլ, 2001ին Ուիլեըմզ կազմակերպեց Հայկական Ցեղասպանութեան առաջին տօնակատարութիւնը «Թեմփըլ Աֆ Փիս»էն («Խաղաղութեան Տաճար») ներս, Քարտիֆի մէջ, Կալես։ Ապա ան աշխատեցաւ, որ Կալեսի Ազգային համագումարը պաշտօնապէս ճանչնայ Հայկական Ցեղասպանութիւնը. այդ մէկը իրականացաւ 2002 Հոկտեմբերին։ Ան նաեւ կազմակերպեց յիշատակի յատուկ ձեռնարկ մը Ազգային համագումարի շէնքին մէջ։ Ձեռնարկին ներկայ եղաւ Մեծն Բրիտանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանը։
2004ի Հոկտեմբերին, Ուիլեըմզի կարգադրութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետը հանդիպում ունեցաւ Կալեսի Ազգային համագումարի նախագահող պաշտօնատարին (նախագահին) հետ՝ այդպիսով զարկ տալով Արցախի կարգավիճակին։
Երկու տարի ետք Ուիլեըմզ յաջողեցաւ համոզել Կալեսի Ազգային համագումարի մեծամասնութիւնը, որ նեցուկ կանգնի Ասորիներու եւ հայերու ցեղասպանութեան օրինագիծի (դիմումի) մը։
2007ի Յունուարին, ան կազմակերպեց Հրանդ Տինքի յիշատակին ձեռնարկը, բրիտանական խորհրդարանի շէնքին մէջ։ Ան նաեւ լոպպիինկի աշխատանք տարած է Բրիտանիոյ խորհրդարանին մէջ, Հայկական Ցեղասպանութեան օրինագիծին ուղղութեամբ, որ ստորագրուեցաւ 182 խորհրդարանականներու կողմէ։
3 Նոյեմբեր 2007ին, Քարտիֆի մէջ Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի բացման արարողութեան ընթացքին, որ կազմակերպուած էր Ուիլեըմզի եւ Ճոն Թորոսեանի կողմէ, Կալեսի Ազգային համագումարի նախագահը կործանարար ակնարկութիւններ ըրաւ Թուրքիոյ հասցէին։ Թուրք խափանարարներ (խուլիկաններ) փորձեցին խանգարել հանդիսութիւնը. քանի մը ամիս ետք անոնք պղծեցին Ցեղասպանութեան յուշարձանը։
Տարիներու ընթացքին ես մեծ հիացմունքով հետեւած էի այդ կալեսցի «օտար» հովիւին չհրապարակուած գործունէութեան։ Սակայն միայն անցեալ ամիս էր, որ ուղղակի կապ ունեցայ անոր հետ, երբ ան ինծի յղեց օրինակը նոր դիմումի մը, զոր ան ներկայացուցած էր բրիտանական խորհրդարանին։ Դիմումին մէջ Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղուի համապատասխանաբար իրենց պատրիարքութիւններուն վերադարձնելու այն աւելի քան երկու հազար հայկական եւ ասորական (Assirian, Syriac) եկեղեցիներն ու կրօնական յուշակոթողները, որոնք թրքական կառավարութեան կողմէ բռնագրաւուած էին 1915ի Ցեղասպանութեան ընթացքին՝ իբրեւ «փոխհատուցման միջոցառում» մը:
Դիմումը նաեւ կոչ կ՛ուղղէ բրիտանական կառավարութեան, որ ճանչնայ այն իրականութիւնը, թէ՝ այդ փոքրամասնութիւնները ցեղային մաքրագործման ենթարկուած են 1915ին յաջորդող տարիներուն, ինչպէս վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Ռէչէփ Թայիփ Էրտողան ընդունեց։ Դիմումը ցարդ կը վայելէ բրիտանական խորհրդարանի քսաներեք անդամներու նեցուկը։
Այդ դիմումը գրաւեց ուշադրութիւնս, որովհետեւ վերջին ամիսներուն ես այդ ձեւի նախաձեռնութիւն մը կը ջատագովէի իմ յօդուածներուս եւ դասախօսութիւններուս մէջ։ Ես հաճելի զարմանքով ընդունեցի կալեսցի հովիւին ե-նամակը, զոր ղրկած էր ինծի անցեալ ամիս, տեղեկացնելու համար, թէ ան որոշած էր իր այդ քայլին դիմել՝ իմ յօդուածներս եւ յատկապէս 7 Մայիսին բրիտանական խորհրդարանին մէջ իմ ակնարկութիւններս կարդալէ ետք։
Ամերիկահայերը պէտք է հետեւին Ուիլեըմզի լաւ օրինակին եւ նոյնանման օրինագիծ մը ներկայացնեն Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին։ Գործնապէս անկարելի պիտի ըլլայ Քոնկրէսի ոեւէ անդամի համար դէմ կենալ դիմումի մը, որ կոչ կ՛ուղղէ վերադարձնել հայկական պաշտամունքի վայրերը իրենց օրինական սեփականատիրոջ՝ Պոլսոյ հայոց պատրիարքութեան։ Այդպիսի օրինագիծ մը անդին կ՛անցնի ցեղասպանութեան պարզ ճանաչումէ մը՝ հետամուտ ըլլալով վերականգնել հայերուն կրած հսկայական վնասները:
Եւրոպացի հայերը պէտք է տակաւին աւելի անդին անցնին՝ քրէական գործ յարուցելով Մարդկային իրաւանց եւրոպական ատեանին մէջ, հետամուտ ըլլալով եկեղեցիներուն եւ կրօնական յուշակոթողներու անմիջական վերադարձին Հայ պատրիարքութեան։ Անտրամաբանական է, որ այդ հայկական եկեղեցիները (անոնք, որոնք տակաւին չեն փճացուած) մզկիթներու, պահեստի տուներու եւ բնակարաններու վերածուին եւ ոչ ոք բողոքէ այդ ամօթալի իրավիճակին դէմ։ Կարելի՞ է երեւակայել այն համաշխարհային աղմուկը, որ կրնայ բարձրացուիլ, եթէ այսօրուան գերմանական կառավարութիւնը Ողջակիզման ընթացքին նացիներուն կողմէ բռնագրաւուած մէկ հրէական ժողովարան պահէր…
Գլխարկ կը վերցնեմ Էյլիյըն Ուիլեըմզի… Ես միայն կը յուսամ, որ հայերը գերազանցեն այս բարի հովիւին արդար գործունէութիւնը։ Ան արժանի է պատշաճ ճանաչումի Հայաստանի հանրապետութեան, Եկեղեցիին եւ ամբողջ աշխարհի հայերուն կողմէ:
«Տը Քալիֆորնիա Քուրիըր»ի Խմբագիր