ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
«Միամիտ»ը Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնն է՝ ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին:
Հայաստանի գլխաւոր դիւանագէտին կողմէ այսպիսի բնութագրում՝ խորհրդարանական կուսակցութեան մը, առնուազն «ոչ-դիւանագիտական» է:
Իսկ եթէ միամտութիւն է ղարաբաղեան հարցի բանակցութեանց վերաբերեալ ոչ-հայկական կողմերու հրապարակած մատրիտեան սկզբունքներու հանդէպ ընդվզումն ու բողոքի արտայայտութիւնները, եթէ միամտութիւն է Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան մասնակցութեան անհրաժեշտութեան վերաբերեալ շարժումն ու պահանջները,
Ապա՝ այո՛, Դաշնակցութիւնը միամիտ է ու պիտի շարունակէ միամտաբար արծարծել իր արմատական ընդդիմութիւնը մատրիտեան սկզբունքներուն մէջ տեղ գտած վտանգաւոր դրոյթներուն, ինչպէս նաեւ անտեղիտալիօրէն, բուռն կերպով պիտի շարունակէ պահանջել, որ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութիւնը մաս դառնայ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման ուղղութեամբ տարուող բանակցութիւններուն, նոյնիսկ եթէ մեղադրուի «դիւանագէտ» նախարարին կողմէ, թէ՝ Դաշնակցութիւնը «պղտոր ջուրի մէջ ձուկ» է որ կ՛ուզէ որսալ:
Դաշնակցութեան սկսած վերջին արշաւը, որուն արձագանգեցին Արցախի բոլոր քաղաքական եւ հասարակական կազմակերպութիւնները եւ ԼՂՀ արտաքին գործոց նախարարութիւնը, իր արդիւնքները որոշ չափով տուած է: Արդարեւ, ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու վերջին արտայայտութիւններէն կը պարզուի, որ համանախագահներու մօտ արդէն յստակացած է, թէ առանց Ղարաբաղի համաձայնութեան, որեւէ լուծում կարելի չէ գործադրել, եւ որ, ըստ իրենց, աւելի ուշ հանգրուանի մը Ղարաբաղը անպայման պէտք է ներգրաւուի բանակցութեանց մէջ:
«Միամիտ» ու «Պղտոր ջուրի մէջ ձուկ որսալ» փորձող Դաշնակցութիւնը կը գտնէ, թէ այս արշաւը պէտք է շարունակուի, մինչեւ որ բոլոր կողմերը համոզուին, որ Ղարաբաղը հիմա՛ պէտք է մասնակից ըլլայ բանակցութիւններուն եւ ոչ թէ աւելի ուշ, կամ՝ բանակցութեանց վերջին հանգրուանին: