ԵՐԵՒԱՆ, «Արմռատիօ».- Մինսկի խումբի ռուս համանախագահ Եուրի Մերզլիաքով ատրպեճանական «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան յայտնած է, որ այս տարուան ընթացքին պիտի փոխուին երեք համանախագահներէն երկուքը, որոնցմէ մէկը ինքն է՝ Մերզլիաքովը: Երկրորդ փոխուող համանախագահը, ըստ Մերզլիաքովի, ամերիկացի Մէթիու Պրայզան է, որ իր ներկայ պաշտօնով տարածաշրջան իր վերջին այցելութիւնը պիտի կատարէ աշնան:
Նշենք, որ վերջերս լուրեր տարածուած էին, թէ Մէթիու Պրայզան կրնայ նշանակուիլ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան, սակայն ամերիկացի միջնորդը չէր հաստատած իր նշանակման մասին լուրերը: