ԹԵՀՐԱՆ.- Երէկ, Թեհրանի մէջ տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը «Կասպեան Էրլայնզ»ի եւ, ընդհանրապէս, Թեհրան-Երեւան թռիչքի ենթարկուած արկածէն ետք Իրանի իշխանութիւններու անտարբերութեան եւ վարած քաղաքականութեան դէմ:
Ցոյցի մասնակիցները 14 կէտերէ բաղկացած նամակներ յանձնած են Իրանի Իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանին եւ կառավարութեան, լրատուական միջոցներու ներկայացուցիչներուն, ինչպէս նաեւ «Կասպեան Էրլայնզ»ի պատասխանատուներուն:
Այս ցոյցի ընթացքին ոստիկանները ձերբակալած են «Ալիք» օրաթերթի թղթակից Արտոմ Ղարիբեանը, որուն քանի մը ժամ ոստիկանատան մէջ պահելէ ետք ազատ արձակած են:
Լրագրողի ազատ արձակման գործին հետամուտ եղած է հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր Գէորգ Վարդանեանը: