ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Անցեալ շաբաթավերջին, կ՛ուզենք հաւատալ, որ համայն հայութեան աչքերը սեւեռած էին Մոսկուա՝ անձկութեամբ սպասելով Ղարաբաղեան հակամարտութեան բանակցութեանց այս փուլի արդիւնքներուն, տագնապելով, որ այս անգամ կրնայ տհաճ անակնկալ մը մատուցուիլ մեր ժողովուրդին:
Ապրիլ 22ի ճանապարհի տխրանուն քարտէսին մասին յայտարարութենէն ետք, ամէն բան կարելի էր սպասել: Բացարձակապէս անտրամաբանական այդ յայտարարութիւնը խորապէս խախտած էր մեր մէջ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը վարողներու հանդէպ մեր հաւատքը եւ՝ հետագայ մղձաւանջներու հաւանականութիւնը բարձրացուցած:
Բարեբախտաբար այս փուլին գոնէ հրապարակուած տեղեկութեանց համաձայն, ճակատագրական սխալ չարձանագրուեցաւ: Փրկուեցանք:
Բայց մեզ յուզող հարցը հիմա մեր հակազդեցութեան տարողութիւնն է: ՀՅԴ Բիւրոն իր կազմակերպած խորհրդաժողովով տագնապին ահազանգը հնչեցուցած էր: Նոյն այդ խորհրդաժողովը հակազդեցութեան ամբողջ ծրագրի մը հիմքերը կը դնէր:
Մնացեալը՝ մեր գործն էր, այստեղ ու ամէնուր: Համազգային զօրաշարժի պէտք է ենթարկուէինք, ենթարկէինք: Չըրինք:
Այս խնդիրը պէտք է դառնայ մեր օրակարգի առաջին հարցը, որովհետեւ այդ զօրաշարժի անհրաժեշտութիւնը կրնայ ծագիլ որեւէ պահու, բոլորովին անժամանակ, մեզ գտնելով ցաւագնօրէն անպատրաստ, ինչպէս գտաւ անցեալ շաբաթավերջին:
Կրնա՞նք մենք մեզ նման շռայլքներ տալ, ծուլանալ, բաւարարուիլ կրաւորական կեցուածքներով, նուազագոյն քայլերով՝ քաղաքական թէ ցուցական մակարդակներու վրայ: Չենք կրնար: Ուրեմն դիմենք գործնական քայլերու՝ նախապատրաստական անհրաժեշտ աշխատանքները կատարելով, համապատասխան մթնոլորտը ստեղծելով:
Փորձենք պատրաստ ըլլալ յաջորդ քննութեան, եթէ Աստուած չարասցէ նման վիճակ մը մատուցուի մեզի, մօտիկ ապագային: