ՊԱՔՈՒ, «Թուտէյ.Ազ».- Չորեքշաբթի, Յուլիս 22ին, Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիլեւ Ատրպէյճանի կառավարութեան նիստի ընթացքին յայտարարած է, թէ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը արագօրէն պիտի լուծուի, եթէ Հայաստանի իշխանութիւնները լաւապէս վերլուծեն Ատպրէյճանի «իսկական կացութիւնը ու երկրին իրագործումները՝ ռազմական, տնտեսական, քաղաքական ու դիւանագիտական մարզերէն ներս»: Ալիեւ աւելցուցած է, թէ Ատրպէյճանի բանակը պատրաստ է իրեն վերապահուած պարտաւորութիւնները իրագործելու, առանց ուղղակիօրէն արտայայտուելու այդ պարտաւորութեանց մասին:
«Մեր ջանքերը մէկ նպատակ ունին՝ Ատրպէյճանի հողային ամբողջականութիւնը ապահովել եւ բռնագրաւեալ հողերէն ռազմական ուժերը հեռացնել», եզրակացուցած ան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.