ԵՐԵՒԱՆ, «Ռատիօլուր».- Երեւանի մէջ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին, Հինգշաբթի օր, Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան նախագահի խօսնակ Դաւիթ Բաբայեան յայտնեց, որ այժմ անհրաժեշտ է խօսիլ ոչ թէ մատրիտեան սկզբունքներու, այլ մատրիտեան նորացուած սկզբունքներուն մասին, որոնք տակաւին չեն հրապարակուած:
Ըստ նախագահի խօսնակին, որ նաեւ քաղաքագէտ է, ԵԱՀԿ հիմնարար փաստաթուղթերուն մէջ հակասութիւն կայ այն մասով, որ Ղարաբաղը այսօր չի մասնակցիր բանակցութիւններուն:
«Տարօրինակ է, որ Մինսկի խմբի համանախագահները քանի անգամ այդ հարցը բարձրացրել են, բայց չի լուծուել՝ Ատրպէյճանի քմահաճոյքով: Լաւ է, որ բանակցային գործընթաց կայ, թէկուզ ոչ լիարժէք ձեւաչափով»: