ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ղարաբաղի համար մեր ազգային պայքարի առաջին օրէն լծուած էր նաեւ Սփիւռքը, որ միջազգային տարբեր ատեաններու վրայ ազդելու, այդ բեմերէն Արցախի ժողովուրդին արդար դատը բացատրելու ու ջատագովելու պարտականութիւնն ու պատասխանատուութիւնը ստանձնած էր:
Ղարաբաղեան պայքարի առաջին տարիներուն, Հայկական Սփիւռքը այս միջազգային ճակատին վրայ իր աշխատանքը տարած էր՝ իր դէմ ունենալով միայնատրպեճանական եւ թրքական պետութեանց տեղական ներկայացուցիչները ու անոնց կողմէ զանազան միջոցներով իրենց լուծին կցուած պաշտօնատարներկամ քաղաքացիներ:
Վերջին տարիներու այդ իրավիճակը բաւական փոխուած է: Արեւմտեան երկիրներու մէջ յատկապէս, նախ թրքական, հիմա արդէն նաեւ ատրպեճանականսփիւռքները արագ թափով սկսած են կազմակերպուիլ ու իրենց ներկայութիւնը զգացնել այն բոլոր ճակատներուն վրայ, ուր Հայկական Սփիւռքը կը գործէր ու կըշարունակէ գործել, սկսեալ անմեղ «Եւրոտեսիլ»ի մրցումներու քուէարկութեանց մասնակցութենէն, հասնելով մինչեւ Նիւ Զելանտայի մէջ հայկական արտածումները դադրեցնելու ու զանոնք ատրպեճանական համանման արտադրանքով փոխարինելու մրցակցութիւնը, մինչեւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսէն ներս տարուած աշխատանքները, տարբեր երկիրներու խորհրդարաններէն ներս Հայկական Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման ուղղութեամբ թափուող ճիգերը:
Թրքական եւ ատրպեճանական սփիւռքի այս կազմակերպուած իրականութեան առջեւ, մեր դէմ կը բացուի նոր մարտահրաւէր մը դիմագրաւելու հրամայականը:
Հայկական բանակի զինուորները, ամէն օր իրենց կեանքը վտանգելով՝ ռազմական ճակատը պատիւով կը պաշտպանեն:
Մենք ալ պարտաւոր ենք այս նոր ճակատումներէն յաղթական դուրս գալ: