ՊԱՔՈՒ, «Էյ.Փի.Էյ.».- Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու դատախազութեան գրասենեակը Ուրբաթ, Յուլիս 24ին հաղորդեց, թէ մինչ զինուորական ծառայութենէն փախուստ տալու, դասալքութեան պարագաներու եւ այլ յանցագործութեանց թիւը նուազած է երկրի զինուորական ուժերու շարքերուն մէջ, մարդասպանութեանց թիւը մտահոգիչ կերպով աճ արձանագրած է:
Ատրպէյճանի զինուորական ուժերու գլխաւոր դատախազ Խանլար Վելիեւ վստահեցուցած է իշխանութիւնները, թէ արդէն իսկ հարկաւոր քայլերու ձեռնարկած են՝ նման մարդասպանութեանց առաջքը առնելու համար: Բանակէն ներս աճ արձանագրած է անձնասպանութեանց համեմատութիւնը: