ՊԱՔՈՒ, «Թուտէյ.ազ».- Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Էլխան Փոլուխով Ուրբաթ, Յուլիս 24ին յայտարարեց, թէ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները մօտէն կը հետեւին «Ռուսիայէն Հայաստանի տրամադրուող զէնքերու հարցին», ակնարկելով Ռուսիայէն ստացուած զէնքերու կապակցութեամբ Հայաստանի իշխանութեանց տեղեկագիրին, որ ներկայացուած էր ՄԱԿին:
Փոլուխով աւելցուց, թէ այս հարցին հետապնդումը աւելի հրատապ դարձած է, յատկապէս այս տարուան սկիզբը լրատուական գործակալութեանց կողմէ հաղորդուած այն տեղեկութիւններէն ետք, ըստ որոնց՝ Ռուսիա Հայաստանի իշխանութեանց 800 միլիոն տոլար արժող զէնքեր տրամադրած է: