ՊՈԼԻՍ, «Թերթ».- Պոլսոյ Տոլմապահչէ պալատին մէջ, Ուրբաթ, Յուլիս 24ին կայացած է 2009ի «Մամուլի ազատութեան մրցանակ» տարեկան մրցանակաբաշխութիւնը: Այս մրցանակը կը յանձնուի Թուրքիոյ մէջ խօսքի ազատութեան եւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ոլորտէն ներս աչքի ինկած լրագրողներուն:
Արարողութեան ընթացքին մրցանակը շնորհուած է «Միլիէթ» օրաթերթի թղթակից Նետիմ Շէների, որ հեղինակն է «Տինքի սպանութիւնը եւ հետախուզութեան սուտերը» աղմկահարոյց գիրքին:
Նշենք, որ ներկայիս, Շէների գործով դատալսումներ տեղի կ՛ունենան, որովհետեւ անոր գիրքին մէջ յիշատակուած ոստիկանութեան շարք մը բարձրաստիճան սպաներ քրէական մեղադրանք ներկայացուցած են անոր դէմ: Շէների կը սպառնայ 28 տարուան բանտարկութիւն: