ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Երկու հազար թուականի Դեկտեմբերի 23ին ցուրտ գիշերը, Կլէնտէյլի Վերտիւկօ Հիլզ հիւանդանոցի մէջ վեց քիլօ կշռող մանկիկ մը լոյս աշխարհ եկաւ, երկունքի սուր ցաւեր պատճառելով երիտասարդ մօրը։ Երիտասարդ զոյգի մը, Նազոյին ու Նարդին առջինեկ զաւակն էր նորածինը, զորս Ռոպերթ կամ փաղաքշական կերպով Ռօռոյ կոչեցին։ Անոր ծնունդը երջանկութեամբ պարուրեց իր ծնողները։ Ամբողջ գերդաստանը երիտասարդ ծնողներու օրինակով, առաջին օրէն, դեռ խանձարուրին մէջէն, սկսան գուրգուրալ նորածինին վրայ։ Պէտք է ըսել, թէ Ռօռոն ալ ուտուելիք մանկիկ մը դարձաւ եւ իր անուշիկ ժպիտով, առաջին օրէն գրաւեց բոլորին սրտերը։
Ուշիմ, խելացի եւ զգայուն պզտիկի մը յատկանիշները ցոյց տուաւ Ռօռոն եւ իր հասակակիցներէն շատ առաջ լեզուի ելաւ, իսկ հօրը բերած կերպընկալէ լէկոներով սկսաւ զարմանալի կառուցուածքներ սարքել եւ շուտով գոց սորվեցաւ Թալինին մանկամսուրեան երգերը։
Իրենց կարգին Հայ Քոյրերը, որպէս փորձառու մանկավարժներ, հիացան մատ մը Ռօռոյին ցուցաբերած ուշիմութեան եւ 18 ամսու տակաւին շորիկներով պտտող տղեկը, երեք տարեկաններուն հետ մանկամսուր ընդունուեցաւ։ Հոն ալ ճռուողող իր լեզուով եւ արտակարգ ուշիմութեամբ դասատուներուն ուշադրութիւնը գրաւեց ու անոնց սիրելին դարձաւ եւ փոխարէնը ուսուցչուհիները սկսան, հարազատ մօրը նման խնամել զայն ու գիրկէ գիրկ անցընել։
Երբ Ռօռոն չորս տարեկան եղաւ, սկսաւ հօրը համակարգիչը խառնել ու կայքէջք մտնել իր սիրած գարթունները դիտելու։ Քանի մը անգամ ալ սխալ կոճակներու վրայ կոխեց կամ ալ հօրը համակարգիչին վրայ գոլայ թափելով հիմնովին ջնջեց անոր գրասենեակային ծրագիրները ու պատճառ դարձաւ, որ գոմփիւթըրը զամբիւղ նետուէր։ Ասոր վրայ հայրը սկսաւ իր նոր համակարգիչը ծակ ու ծուկ պահել եւ ի վերջոյ ստիպուած եղաւ բանալիի տակ առնել զայն։ Ռօռոն ոտքերը գետին զառնելով սկսաւ լալ ու ճչալ։ Անոր սրտակեղէք լացը կեցնելու համար աժան համակարգիչ մը գնեցին եւ մանուկներու յատուկ խաղեր զետեղեցին անոր մէջ։
Ա՛յդ եղաւ հօրը մեծագոյն սխալը, բան մը, որուն համար հազար անգամ պիտի զղջար գալիք օրերուն։ Դասերէն աւելի, Ռօռօ ուշքը համակարգչային խաղերուն տուաւ եւ ժամերով անոր քառակուսի պաստառին դիմաց նստած՝ անշարժ խաղաց, երբեմն տնային պարտականութիւնները ու գիշերային հանգիստը զոհելով խաղին։
– Տղա՛ս, փողոց ելլելով ալ ընկերներուդ հետ քիչ մը պասքեթ խաղա՛,- կը պաղատէր անոր հայրը՝ աչքերը աղաչական երկինք յառելով։
– Ծօ խայտառա՛կ, ես քու տարիքիդ փողոցէն ներս չէի գար, հազիւ դպրոցէն վերադառնայի, ձեռքս կէս հատ արաբական հաց, ֆութպոլի դաշտ կը վազէի… քեզի ի՞նչ եղաւ, կարծես վիտիոյի խաղերո՞ւն սիրահարուած ես…
Ատիկա միայն սկիզբն էր ողբերգութեանց…
Երկրին տնտեսական պայմանները սկսան տակաւ վատթարանալ ու երբ Ռօռոն հինգ տարու էր, ամուսնոյն բեռը թեթեւցնելու համար, Նուարդը գրասենեակի մը մէջ գործ գտաւ։ Մինչեւ ուշ երեկոյ մաման եւ պապան աշխատանքի կ՛ըլլային եւ յոգնած ու ջարդուած տուն կը վերադառնային։ Ռօռոն դպրոցի, ինչպէս նաեւ յաճախ արձակուրդի օրերուն առանձին կը մնար տունը։ Եւ հազիւ դրան սեմէն ներս մտնէր, դէպի սառնարան կը վազէր իր նախընտրած «ճանք ֆուտ»երով փորը լեցնելու։ Ապա իրեն սիրելի գոմփիւթըրին առջեւ կը նստէր… տո՛ւր որ տաս, ժամերով կը խաղար, մինչեւ որ քաղցը զինք ետ սառնարան մղէր։
Օրուան ընթացքին իր միակ շարժումը՝ ոտքի ելլելով խոհանոց երթալ եւ սառնարանը բանալով՝ պնակ-պնակ ամէն տեսակ ուտելիք, գուգիզ եւ անուշեղէն, փէփսի եւ քոք կրելն էր։ Ռօռոյին միայն մատներն ու բերանը կը շարժէին եւ կամաց-կամաց, անշարժութենէն սկսաւ վրայ դնելու, գիրնալու, թոսթոսիկ հսկայ տղայ դառնալու։
Ուսուցիչ ու դաստիարակ անճրկած էին։ Ռօռոյին նիշերը ինչքան բարձր էին գիտութեան եւ լեզուներու մէջ, ընդհակառակը նոյնքան վա՛տ՝ մարզական ու ֆիզիքական նիւթերու մէջ։ Հօրը ստիպումով եւ խեղճ մօրը աղաչանք-պաղատանքով անիկա վերջապէս համակերպեցաւ ֆութպոլի խումբի արձանագրուելու, սակայն փորձերու ու խաղի ատեն կը նախընտրէր դաշտէն դուրս, այսինքն՝ հանդիսականներու վերապահուած նստարաններուն հանգչիլ, կէս լիթրանոց քոլային գաւաթը ձեռքը՝ խաղը դիտած ատեն տոպրակներով չիփս լափել։ Իսկ հետաքրքրուողներուն անիկա կը պատասխանէր.
– Հայ սքուլին սաքըր թիմի վրայ եմ…
Օրերն ու տարիները իրարու վրայ բարդուեցան, ճարպերն ու քիլօները՝ Ռօռոյին մարմնին վրայ։ 12 տարու պատանին, արդէն 300 փաունտի բարեւ կու տար, ինչ որ իր դասընկերներուն առիթ կու տար զինք «æաղ Ռօռօ» կոչել… իսկ տեղացի խարտեաշ աղջիկները իրմէ փախուստ տալով կռնակին ետեւէն՝ «ֆաթսօ» կը կոչէին զինք։ Այո՛, ամէն գոյնի ու ցեղի պատկանող դասընկերուհիները իրմէ կը խուսափէին, հակառակ անոր, որ գեղադէմ էր Ռօռոն եւ դասարանին ամէնէն փայլուն աշակերտը։ Եւ քանի որ ամբողջ օրը ուտելէն ու համակարգիչով կէյմ խաղալէն չէր հրաժարեր, տեսակ մը անտարբերութեամբ մտիկ կ՛ընէր իր հասցէին եղած ակնարկութիւններն ու վիրաւորական սրախօսութիւնները։ Երբ դասասրահ կը մտնէին, անոր մէջքը իր դասընկերներուն կրկնապատիկ լայնքը ունէր ու խոշոր յետոյքը հազիւ կը տեղաւորէր աթոռին։ Ծնողքին ու դաստիարակներուն խրատները իր մէկ ականջէն կը մտնէին միւսէն ելլելու համար։
Տեղ մը հասեր էր, որ հոգն ալ չէր, թէ մարդիկ ի՞նչ կը մտածէին իրեն մասին։ Իրեն համար ուտելն ու կէյմ խաղալը գերագոյն հաճոյք կը պատճառէին։ Անիկա նոյն թափով շարունակեց իր մոլութիւնները, մինչեւ որ օր մը ոտքերը կթոտեցան ու այլեւս չկրցան շալկել մսակոյտ դարձած մարմինը։
Անկողին ինկաւ։
Եւ փոխանակ զգաստութեան ու խելքի գալու, շարունակեց անդադար «ճանք» ուտելու եւ կէյմ խաղալու մոլութիւնը։ Մանուկ հասակէն հայրը իր զաւակին անշարժութիւնը եւ ուտելու արտակարգ ախորժակը տեսնելով՝ նկարազարդ գիրքերու օգնութեամբ իրեն բացատրեց լափալիսեան սա պարզ ճշմարտութիւնը, թէ՝ «Մարդուս ստամոքսը փուչիկի կը նմանի, ինչքան ուտէ այնքան լայնքի կու տայ եւ աւելին կը պահանջէ…»:
Արդար ըլլալու համար, Ռօռոյին խնդիրը այնքան ալ ուտելը չէր, որքան կերածը իր տարեկից տղոց նման մարմնամարզի մէջ կամ վազքով չայրելը, եւ դեռ մկանները զօրացնելու փոխարէն, զանոնք ծլութեան ու անգործութեան մատնելը։
Հայ սքուլին մէջ խօսք տարածուեցաւ, որ «Ռօռոն տեղէն չէր կրնար շարժիլ, որովհետեւ «հի իզ ֆուլ աֆ գրափ»»։ Խեղճ Ռօռօ, խեղճ տղայ, հազար անգամ ողբալի ծնո՛ղք։ Ճեմարանին ամէնէն խելացի եւ ուշիմ տղան մատնուած էր անշարժութեան, հակառակ այն խոհուն ու հեռատես մարդոց, որոնք օրն ի բուն տանիքներէն կը պոռային. «Ամէն ինչ կերէ՛ք, չափաւոր կերէ՛ք, եւ ամէնէն կարեւորը՝ շարժման մէջ դրէ՛ք ձեր մկանները»:
Լսողը ո՞վ էր…
Ի տես մսակոյտ դարձած ու անշարժութեան մատնուած ծնողներուն այս մէկ հատիկ զաւկին անյոյս վիճակին՝ մասնագէտները վիրաբուժութիւն յանձնարարեցին, անոր ստամոքսը կարելով ուտելու պահանջքը կասեցնելու համար։ Բժիշկներու ուրիշ խումբ մը առարկեց, թէ 16 տարեկան պատանիին վրայ այդպիսի վիրաբուժութիւն կատարելը կանխահաս էր եւ վտանգաւոր։ Եւ Ամերիկայի տարածքին Ռօռոն առանձին չէր։ «Գոմփիւթըր կէյմզ»ի պատճառով, իրեն պէս միլիոնաւոր պատանիներ մատնուած էին արտառոց գիրութեան ու անշարժ գոյավիճակի։
«Օպիսիթի իզ տիսդրոյինկ Ամերիգա…» գրեցին թերթերը։
Մինչ այդ երկրին նախագահը՝ Օպաման, 2012ին ձայներու ջախջախիչ մեծամասնութեամբ վերընտրուելով՝ հրաման արձակեց, թէ տնտեսական նկատումներով, նորագիւտ մարդամեքենաներ կամ ռօպոթներ գործածութեան պիտի դրուէին իւրաքանչիւր անկար մարդու տանը, որպէսզի գիշեր ցերեկ հասնէին անոնց մարդկային եւ ընկերային կարիքներուն։ Ռօռոն առաջին օրէն կապուեցաւ այս անշունչ էակին, որ ի՛ր ռօպոթն էր։ Առանձինն տասը հոգիի գործ կը կատարէր։ Ոչ գիշեր ունէր եւ ոչ ալ ցերեկ։ Օրական 23 ժամ բծախնդրօրէն կը կատարէր իրեն վստահուած պարտականութիւնը, առանց գանգատի։ Ռօռոյին գրկելով՝ կը պտտցնէր, անոր ճաշերը կը մատուցէր եւ բաղնիք կը տանէր, հագուստները կը փոխէր ու կը լոգցնէր։ Ասոր հետ մէկտեղ, Ռօռոն չէր կրնար իր համակարգիչէն, վիտիոյի խաղերէն ու սառնարանի պարունակութիւնը կուլ տալէն հրաժարիլ։
Ռոպերթ 18 տարու դարձաւ։ Մամային պապային երեսը չխնդաց անոր տարեդարձին օրը։ Ինքն ալ յետոյքը շարժելով չկրցաւ տեղէն ելլել։ Ռօպոթը ներկաները հիւրասիրելէ ետք, անոնց խնդրանքին համաձայն գրկեց իր պաշտպանեալը ու միասին պարեցին։ Հայկական պարի եղանակ մըն ալ նուագեց Տի Թէն, սակայն Ռօպոթը հրաժարեցաւ Ռոպերթը պարեցնելէ, քանի որ հայկական պարը արագ ռիթմ ունէր ու ինք իբրեւ գիտակից մարդամեքենայ, չուզեց այդ ռիսքը առնել։
Ռօպոթին պարտականութիւնն էր նաեւ, շաբաթը անգամ մը կշռել Ռոպերթը։ Իր կարողութեան սահմանը 400 փաունտ էր, մինչդեռ տարեդարձին յաջորդ օրը, Ռոպերթը 460 փաունտ ցոյց տուաւ։ Ռօպոթը կեդրոն հեռաձայնելով ալ տնօրէնին չյայտնեց Ռոպերթին նոր կշիռը՝ վախնալով, որ զինք փոխարինէին ու իր տեղը աւելի հուժկու եւ անհոգի մարդամեքենայ մը զետեղէին։ Ռոպերթենց յարկին տակ արդէն տարիէ մը ի վեր կը ծառայէր ան, եւ ինքզինք կապուած կը զգար ջաղ տղուն, ինչքան ալ ռօպոթները ծրագրուած էին զգացական չդառնալ։
Ռոպերթը լաւ հոգի ունէր հակառակ արտակարգ իր գիրութեան։ Շփացած միւս տղոց պէս քմահաճոյքներ ալ չունէր։ Շաբթուան վերջը, ռօպոթը իր բարեկամին լեռնակուտակ բեռը շալկելով, արտաքնոց տարած ատեն, «թըր՛ըխ», յանկարծ մետաղի չոր ձայն մը լսուեցաւ։ Ինքը եւ Ռոպերթը հաւասարակշռութիւն կորսնցնելով՝ գետին փռուեցան։ Լաւ որ օրը Կիրակի էր եւ տղուն հայրը՝ Նազոն, կը պատրաստուէր եկեղեցւոյ կիրակնօրեայ պաշտամունքի երթալու։ Մարդամեքենան յարաբերաբար թեթեւ էր եւ Նազոն իր հուժկու թեւերով շալկեց զայն ու ոտքի հանեց։ Գետինը փրուած կը մնային Ռոպերթին ծովածաւալ ճարպերը, որ ալիք-ալիք կը ծփային ամենաջնջին հպումէն։ Խեղճ Նազոն ոսկորները փշրեց, սակայն անկարելի եղաւ մէկ թեւը կոտրուած ռօպոթին օգնութեամբ Ռոպերթը տեղափոխել։ Ճարահատ, կեդրոնատեղի հեռաձայնեցին։ Կէս ժամ չանցած, ռօպոթներու շտապ օգնութեան միաւորը հասաւ։ Սպիտակազգեստ միջին տարիքի մասնագէտ մը քննեց ջարդուած ռօպոթը եւ յուսահատ գլուխը շարժելով՝ բաներ մը արձանագրեց ծոցատետրին մէջ եւ Ռոպերթին հօրը հետ խորհրդակցութեան նստան։
Մասնագէտը գլուխը անյոյս քերելով՝
– Պէտք է փոխենք ռօպոթը…,- ըսաւ։
– Ինչո՞ւ,- հարց տուաւ Նազօ։
– Տղանիդ չափէն աւելի գիրցեր է,- պատասխանեց սպիտակազգեստ մասնագէտը,- խեղճ ռօպոթին ոսկորները, ներողութի՛ւն մետաղեայ թեւը ջարդուեր է։
– Կարելի չէ՞ նորոգել,- հարց տուաւ Նազոն ցնցուած։
– «Փրոպլէմ»ը մեր հայթայթած ռօպոթին հետ կապուած չէ, այլ ձեր տղուն անշարժութեան ու անհատնում որկորին, անոր կուտակող ճարպերուն։ Պէտք է ամէնէն հուժկու մարդամեքենայով փոխարինենք այս մէկը…
Ռոպերդն ու ռօպոթը գաղտագողի մտիկ կ՛ընէին մեծերուն միջեւ առաջ տարուող զրոյցը։ Անոնց նայուածքը իրարու հանդիպեցաւ։ Մետաղեայ ռօպոթը յուզումէն սկսած էր անաղմուկ արտասուելու, իր մտերիմ Ռոպերթէն բաժնուելու գաղափարը կը խոցէր անոր մեքենացած սիրտը, որ կարգ մը դրամատէրերու սիրտէն աւելի զգայուն էր… Վարակիչ դարձան ռօպոթին լացն ու անոր թափած աղի արցունքները։
– Ճար մը չկա՞յ,- յառաջեց Նազօ աղաչական։
– Կա՛յ, եթէ տղադ գործակցի… ըսաւ մասնագէտը։
– Գործակցելու վիճա՞կ մը մնացեր է վրան… պատասխանեց Նազօ յուսահատ։
– Կը կրկնեմ… տղադ պէտք է կամովին գործակցի։
– Պա՛պ, ի՞նչ կ՛ուզէք որ ընեմ,- խօսքի մէջ մտնելով իր անկիւնէն հարց տուաւ Ռոպերթ։
– Քիչ մը ժուժկալութիւն ցոյց տալով բնութեան ընծայած գեղեցիկ գիծերուն հետ անփութօրէն չվարուիլ,- պատասխանեց Նազօ չոր շեշտով։
– Պիտի խոստանա՞ս մարմնամարզութեան հետեւիլ, միջամտեց ռօպոթը, խօսքը իր ընկերոջը՝ Ռոպերթի՛ն ուղղելով։
Ռոպերթ խեղճացած՝
– Ես ի՞նչպէս կրնամ մարզուիլ, երբ տեղէս շարժելով առանձին բաղնիք չեմ կրնար երթալ…
– Ամէն առաւօտ, անձրեւ թէ արեւ, քովնտի պուրակը պիտի երթանք մարզուելու եւ վրայէդ աւելորդ փաունտերը թօթափելու,- ըսաւ ռօպոթը՝ խիստ շեշտ մը տալով ձայնին։ – Հետդ կը մնամ մէկ պայմանով՝ եթէ խոստանաս կատարել իմ ու ծնողացդ բաղձանքը…
– Ես ալ, այդ պարագային կը նորոգեմ բարեկամիդ թեւը… խոստացաւ սպիտազգեստ մասնագէտը։
Ռոպերթ պահ մը մտածումներու մէջ խորասուզուեցաւ։ Մէկ սառնարանի կողմը դարձուց հայեացքը, մէկ համակարգիչին ու վիտիոյի խաղերուն։ Ապա բարձրացուց գլուխը եւ ո՛վ հրաշք, անոր աչքերէն վճռակամութիւն կ՛արտացոլէր։ Ռօպոթը կարդաց հոն գրուածը։ Անոնց նայուածքները երկար զիրար գրկեցին եւ երկուստեք բազմիմաստ ժպտեցան։
– Կը խոստանա՛մ… ամբողջ սրտովս կը խոստանամ,- եւ խօսքը մասնագէտին ուղղելով՝ կը խնդրեմ, մի փոխէ՛ք ռօպոթը այլ նորոգեցէ՛ք իմ բարեկամիս թեւերը,- գոչեց ան յուզախառն։
Ռօպոթը մօտեցաւ եւ իր առողջ թեւովը գրկեց Ռոպերթը։
– Ռոպե՛րթ, սիրելիս պիտի յաղթանակե՛նք, դարձեալ պիտի քալես, պիտի վազես, պիտի թռչկոտիս… կը խոստանամ։
Երջանկութեան արցունքները սահեցան անոնց այտերէն։
Ռոպերթն ու ռօպոթը «այս վերջինը պողպատեայ զոյգ մը նոր թեւերով», գործի լծուեցան։ Նախ սառնարանը մաքրեցին «ճանք» ուտելիքներէն ու վիտիոյի խաղերը զամբիւղ նետեցին։ Ապա մարզարան ուղղուեցան՝ զոյգ մը չարաճճի մանուկներու պէս ճռուողելով։
Ութ ամսուան մէջ՝ 460-430-360-320-280-246-200-160 փաունտ, պի՛նկօ։
Այդ տարի, ՀՄԸՄի Նաւասարդեան խաղերուն, վազքի ախոյեան հռչակուեցաւ Ռոպերթ, ու յաղթանակի պարահանդէսին ընթացքին բաժակը իր ընկերոջ՝ Ռօպոթին նուիրեց։
Ու ամբողջ գիշերը պարեցին հայ սքուլի բոցին՝ Աշխէնին հետ:
ԲԱՌԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Երկունք- Ծննդաբերելու ցաւ
Առջինեկ- Առաջին զաւակը
Փաղաքշական- Անուշ խօսք
Խանձարուր- Մանկիկ փաթթելու լաթ
Գուրգուրալ- Սէր ու խնամք տալ
Յայտնուեցաւ- Երեւցաւ
Ճռուողել- ճիւ-ճիւ ընել
Համակարգիչ- Գոմփիւթըր
Կայքէջ- Ուէպսայթ
æաղ- Գիրուկ
Սրտակեղեք- Սիրտ ճմլող
Զետեղել- Դնել
Պաստառ- Սքրին
Պաղատիլ- աղաչել
Յառել- Շեշտակի նայիլ
Տակաւ- Քիչ-քիչ
Վատթարանալ- Գէշանալ
Նախասիրած- Նախընտրած
Քաղց- Անօթութիւն
Անճրկիլ- Խեղճանալ
Համակերպիլ- հաշտուիլ
Խուսափիլ- Զգուշանալ
Թափով- Սլացքով։
Զգաստութիւն- Խելօքութիւն
Փուչիկ- Պալուն
Խոհուն- Մտացի, խոհական
Մսակոյտ- Շատ գէր, միսի կոյտ
Վիրաբոյժ- Գործողութեան բժիշկ
Կասեցնել- Դադրեցնել
Վաղահաս- Շուտ հասած
Մատնուած- Դատապարտուած
Արտառոց- Այլանդակ
æախջախել- Ճզմել
Անկար- Անկարող
Կարիքներ- Պէտքեր
Բծախնդիր- Դժուարահաճ
Մատակարարել- Բաշխել
Լեռնակուտակ- Իրարու վրայ դիզուած
Հաւասարակշիռ- Ուղիղ կեցուածք
Հուժկու- Շատ ուժեղ
Ծովածաւալ- Լայնածաւալ
Ծփալ- Ծածանիլ
Հպում- Շօշափում
Շտապ օգնութիւն- Արագ հասնող
æարդուած- Կոտրտուած
Ծոցատետր- Գրպանի տետր
Խորհրդակցիլ- Խորհուրդ հայցել
Անհատնում- Անսպառ
Որկոր- Ստամոքսի խողովակ
Կուտակել- Դիզել
Հառաչել- Ա՜խ քաշել
Կամովին-Իր կամքովը
Ժուժկալ-Սակաւապետ
Անփոյթ- Անհոգ
Պուրակ- Փոքր անտառ
Թօթափել- Թօթուել
Զամբիւղ- Կողով
Բազմիմաստ- Քանի մը իմաստներով