ՊՈԼԻՍ.- Ինչպէս հաղորդած էինք, վերջին քանի մը տարիներու ընթացքին Թուրքիոյ Անթալիա ծովեզերեայ շրջանը դարձած է Հայաստանի զբօսաշրջիկներու թիւ մէկ զբօսավայրը:
Երեքշաբթի, Յուլիս 28ին, թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը այս մասին մանրամասնութիւններ հրապարակեց՝ իր տեղեկութիւնները քաղելով Թուրքիոյ մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան նախարարութեան տուեալներէն:
Այդ տուեալներուն համաձայն, այս տարուան առաջին վեց ամիսներուն ընթացքին Հայաստանէն Անթալիա գացած է 21,231 հոգի, մինչ ամբողջ 2008ին ընթացքին այդ թիւը 24,496 էր, իսկ 2007ին՝ 19,209:
Թերթը նաեւ գրած է, թէ մինչ հայ զբօսաշրջիկները ընդհանրապէս գոհ են Անթալիա իրենց այելցութեամբ, ուրիշներ զայն կը նկատեն «դաւաճանութիւն», ակնարկելով ՀՅԴի Հայաստանի «Աղբալեան» ուսանողական միութեան կողմէ նման այցելութեանց դէմ տարուող քարոզչական արշաւին, միաժամանակ աւելցնելով, թէ այս հարցին «լրջութեամբ» մօտենալու անոնց դիմումը, որ ներկայացուեցաւ Երեւանի քաղաքապետին, ցարդ անպատասխան կը մնայ:
i am sorry
hartsoum=qustion
vorkan e hayasdantsi hardjeroun kanag’e turc “harem”neroun metch