ԹԵՀՐԱՆ, «Ռոյթըրզ».- Իրանի իշխանութիւնները Երեքշաբթի, Յուլիս 28ին ազատ արձակեցին Իրանի նախագահական ընտրութեանց արդիւնքներուն դէմ բողոքի ցոյցերուն ընթացքին բանտարկուած 140 այլախոհներ, մինչ Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Ալի Խամենէի հրամայեց փակել բանտ մը, ուր ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուած անձեր մահացած են։
Ականաւոր պահպանողական դէմքի մը զաւակը մահացած էր սոյն բանտին մէջ, եւ այս դէպքէն ետք իշխանութիւնները կը թուին աւելի ուշադիր ըլլալ ներկայացուած գանգատներուն նկատմամբ:
Բանտի փակման կողքին, Իրանի արդարադատութեան ղեկավարը խոստացած է հետապնդել ընտրական ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալեալներուն կացութիւնը։ Արգելափակեալներու կացութիւնը հետաքննող խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբ մը այցելած է Թեհրանի գլխաւոր բանտ։