ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Ըստ Խաչատուր Սուքիասեանի պաշտպաններու Յուլիս 29ին կատարած յայտարարութեան, հետախուզման մէջ գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւորը չի պատրաստուիր մինչեւ 2009ի Յուլիս 31 իշխանութիւններուն ներկայանալ, որովհետեւ հաստատ համոզուած է իր անմեղութեամբ եւ կասկած չունի, թէ արդարութիւնը, ի վերջոյ, պիտի յաղթէ:
Սուքիասեանի պաշտպաններուն համաձայն, միջազգային կառոյցներուն, յատկապէս՝ Եւրոպայի խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ ձեռնարկուած գործընթացը տակաւին իր տրամաբանական աւարտին չէ հասած, եւ իշխանութիւններուն կողմէ համաներման ընդունումը բաւարար չէ:
Ըստ պաշտպաններուն, ուշ թէ կանուխ, իշխանութիւններուն առջեւ պիտի դրուի նաեւ անմեղ անձերու նկատմամբ քաղաքական հետապնդումները դադրեցնելու անհրաժեշտութեան հարցը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.