Քիւրտ մտաւորական շրջանակի մէջ քրտական հարցն ալ, Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման հարցին պէս, սկսած է արծարծուելու (տե՛ս ներքեւի լուրը):
Հարցի արծարծումը ինքնին դրական պէտք է նկատել, անկասկած: Պետական յայտնի ու գաղտնի կառոյցներու կողմէ սնուցուած թուրք ազգայնապաշտութեան առկայութեան պայմաններուն տակ, թուրք մտաւորականներու կողմէ միայն ակնարկումը Հայկական ու Քրտական հարցերուն, կրնայ վտանգել անոնց կեանքը: Այս յանդգնութիւնը պէտք է գնահատել ու միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը միշտ սեւեռած պէտք է պահել Թուրքիոյ ներքին զարգացումներուն վրայ, իբրեւ երաշխիք՝ որոշ չափի արդարութիւն փնտռող թուրք մտաւորականներու կեանքի ապահովութեան:
Ցաւով, սակայն, պէտք է արձանագրել, որ թուրք մտաւորականներուն քայլերը կը մնան խիստ մակերեսային մակարդակի վրայ, չուզելով, բայց թերեւս նաեւ չկարենալով թափանցել խնդիրներու խորքը:
Քրտական հարցին վերաբերեալ նոր վերաբերմունք ձեւաւորելու հրամայականի մը մասին կը խօսուի այսօր ոչ միայն մտաւորական, այլեւ քաղաքական ու պետական մակարդակներու վրայ: Գլխաւորաբար Քրտական բանուորական կուսակցութեան ուժը տկարացնելու, անոր ժողովրդականութիւնը սահմանափակելու միտումով, թրքական կառավարական շրջանակներու մէջ կը խօսուի «լեռնցի թուրքեր»ու կարգավիճակէն քիւրտ ազգի գոյութիւնը ճանչնալու մեծ ոստումին մասին, որ իր հետ կը բերէ քրտական մշակոյթի, լեզուի ու պատմութեան հանդէպ յաւելեալ զգայնութիւն ցուցաբերելու, անոնց պահպանման, զարգացման ու թրքական կրթական ծրագիրներու մէջ ներառման պարտադրանքներ, որոնց տակաւին լիովին պատրաստ չէ թրքական այլամերժութեամբ վարակուած պետական համակարգը:
Թուրք մտաւորականներու շարժումն ալ, եթէ միայն այդքանով կ՛ուզէ բաւարարուիլ, ապա դժուար թէ կարենայ Քրտական խնդիրի լուծման հանդէպ մթնոլորտ ձեւաւորելու գործին նպաստ բերել:
Քրտական խնդիրը, ըստ էութեան, ազգային խնդիր է, գերեվարուած ազգի մը ճակատագրի հարցն է, որ կիսամիջոցներով, բարենորոգումներով ու վերաբերմունքի փոփոխութեամբ չի լուծուիր:
Քիւրտ ժողովուրդը իր ճակատագիրը որոշելու իրաւունքը ունի, ինչպէս աշխարհի բոլոր ժողովուրդները, ու քսանմէկերորդ դարուն իսկապէս ծիծաղելի է խօսիլ ինքնորոշման իրաւունքը որոշ մարդկային իրաւունքներով փոխարինելու մասին, մնալով ցեղապաշտ իշխանութեան մը քմայքներուն ենթակայ, շարունակելով գոյատեւել կամայականութեան ու բռնութեան սպառնալիքի ամէնօրեայ տագնապով:
Արդար ու միակ լուծումը՝ քիւրտերու ինքնորոշումն է: Ատկէ խուսափում չունի Թուրքիան եւ ուշ կամ կանուխ, այդ հարցն է, զոր պիտի դիմագրաւեն նաեւ թուրք մտաւորականները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.