«Պէտք է զգուշութեամբ, գուրգուրանքով ու յատուկ հոգածութեամբ վարուիլ մանուկներուն հետ. ուշադիր պէտք է ըլլալ, որպէսզի զանոնք չվրդովէք. մանուկները հրեշտակներ են ու իբրեւ այդպիսին՝ զԱստուած կը տեսնեն դրախտին մէջ», պատգամեց Արեւմտեան թեմիս առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը, Կիրակի, 26 Յուլիսին, Քրեսէնթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ մէջ, յընթացս Ս. պատարագի իր արտասանած քարոզին մէջ: Իր քարոզին մէջ, առաջնորդը անդրադարձաւ նաեւ Բարի հովիւի առակին եւ ըսաւ, թէ աստուածահաճոյ կեանք վարելը ազնիւ պահանջ է, սակայն Աստուծոյ համար աւելի կարեւոր է մոլորեալին ուղիղ ճամբու դարձը։ Առաջնորդը նաեւ ողջունեց Քրեսէնթա հովիտի ծխական համայնքը, որուն կազմութեան չորրորդ տարեդարձն էր:
Ան գնահատանքով արտայայտուեցաւ հոգեւոր մատակարարին՝ Արտակ քհնյ. Տէմիրճեանի, ազգային երեսփոխաններուն, Հոգաբարձութեան, Դպրաց դասին, Տիկնանց միութեան ու ծխական շրջանի ծառայողներու աշխատանքին մասին, մաղթելով, որ շրջանը իրականութեան հասցնէ սեփական եկեղեցի ունենալու իր երազը։
Արարողութենէն ետք, եկեղեցւոյ կից սրահին մէջ տեղի ունեցաւ սիրոյ սեղան։