ՅԱՐՈՒԹ ՄԿՐՏԻՉԵԱՆ
Հայրենասէրին Պարտականութիւնն է՝ իր Հայրենիքը պաշտպանել իր կառավարութենէն
Թամըս Փէյն
Ալեկոծ է ծովը։ Հայութեան եւ հայրենիքի գոյութեան նաւը վտանգուած է։ Որովհետեւ պառակտուած եւ տկարացած ենք։ Տկարացած՝ որովհետեւ ինկած ենք անտարբերութեան գիրկը եւ նոյնիսկ… իրարու դէմ չենք պայքարիր։ Եթէ կան ներքին պայքարի պարագաներ, ապա անոնք սահմանափակ են թէ՛ իրենց աշխարհագրութեամբ եւ թէ՛ իրենց նպատակներով, որոնք յաճախ ազգային ընդհանուր խնդիրներ չեն հետապնդեր։
Անտարբերութիւնը շատ աւելի վտանգաւոր ու մահացու է քան պառակտումը։ Ձախորդ է մեր հայրենիքի կառավարութեան ընթացքը, եթէ ոչ բոլոր բնագաւառներէ ներս, գէթ իր վարած անհեռատես արտաքին քաղաքականութեան մէջ։ Այս ընթացքին հետեւանքը կրնայ աղիտալի ըլլալ եւ վերածուիլ այն հսկայ ալիքին, որ կրնայ խորտակել մեր հայրենիքին ու ժողովուրդին գոյութեան նաւը։
Մեր դրացի եւ թշնամի ազգերը իրենց միտքն ու բանակը օրէ օր աւելի ու աւելի կը զինեն գիտութեամբ եւ նորագոյն զէնքերով։ Տակաւին՝ կը նախաձեռնեն տնտեսական ու քաղաքական այնպիսի գործերու, որոնք բազմաշերտ են, բազմամակարդակ. տակաւին, փոխադարձ տնտեսաքաղաքական եւ ուժանիւթային կապակցութիւններ ստեղծելով՝ տարածքային խաղերէն մեզ բոլորովին դուրս կը ձգեն։
Այդ բոլորին դիմաց, Հայաստանի կառավարութիւնը կը թուի թէ կը շարունակէ մնալ անգիտացողի ընթացքի մէջ ու կը մշակէ այսպէս կոչուած «ֆութպոլային քաղաքականութիւն», որովհետեւ ունի այն մեծամտութիւնը, թէ առանց սփիւռքահայութեան կարծիքը նկատի առնելու, կրնայ ինքզինք նկատել հայ-թուրք թնճուկը լուծող։
«Ֆութպոլային քաղաքականութիւն»ը եւ Ապրիլ 22ին կատարուած Հայաստան-Թուրքիա յայտնի յայտարարութիւնը առիթ ընծայեցին Օպամային՝ Ցեղասպանութեան ճանաչումէն խուսափելու, մինչ համայն հայութիւնը, յատկապէս ամերիկահայութիւնը, կը սպասէր քաղել պտուղը տարիներու իր անխոնջ ու աննահանջ աշխատանքին։
Հայաստանի կառավարութեան արտաքին ձախորդ քաղաքականութեան երկրորդ քայլը արձանագրուեցաւ անցեալ Յունիսին, երբ նախագահ Սերժ Սարգիսեան մեծ շուքով ընդունեց Վրաստանի նախագահը՝ Սահակաշվիլին։ Սահակաշվիլիի Հայաստան այցելութիւնը անհանգստութիւն պիտի չպատճառէր մեզի, եթէ աչքի առջեւ չունենայինք Վրաստանի կառավարութեան վարմունքը æաւախքի եւ ընդհանրապէս վիրահայութեան հանդէպ։ Արդար չէ՛, որ յանուն քաղաքական սահմանափակ հաշիւներու, Հայաստանի նախագահը փորձ կատարէ քօղարկելու մեր եւ Վրաստանի միջեւ գոյութիւն ունեցող հարցերը։ Ինքնախաբէութիւն է ձեւացնել, թէ խնդիրներ չկան։ Համահայկական ներդաշնակ աշխատանք անհրաժեշտ է այդ խնդիրները արդարօրէն լուծելու համար, եւ ապահովելու միջազգային համայնքին նեցուկը։ Արդէն հայկական որոշ կազմակերպութիւններ աշխատանք կը տանին այդ ուղղութեամբ եւ լաւ պիտի ըլլար, եթէ մեր նախագահը, նախքան որեւէ որոշում կայացնելը, խորհրդակցէր անոնց հետ։ Մինչդեռ, այդ հարցերը քօղարկելու Հայաստանի կառավարութեան փորձը առիթ տուաւ դեսպան Եովանովիչին յայտարարելու, թէ æաւախքի մէջ ամէն ինչը բնականոն է:
Չենք ուզեր անգիտանալ այն փաստը, որ Հայաստանը փոքր երկիր ըլլալով՝ անոր կառավարութիւնները յաճախ քաղաքական հսկայական ճնշումներու կ՛ենթակուին Կովկասի մէջ շահեր հետապնդող գերպետութիւններու կողմէ։ Սակայն ճկուն քաղաքականութիւն վարելու հիմնական յատկանիշներէն մէկն է խուսանաւելու կարողութիւնը, որ դժբախտաբար կը պակսի այսօրուան մեր իշխանութիւնը ներկայացնող այրերուն մօտ։
Առաջին անգամը չէ, որ նման ճնշումներու կ՛ենթարկուին մեր Հայրենիքի կառավարութիւնը եւ ինչու չէ նաեւ՝ Սփիւռքի զանազան գաղութներու հայութիւնը ներկայացնող ղեկավարութիւնը։ Սակայն միշտ մեր ժողովուրդին տարբեր խաւերուն եւ ի մասնաւորի մտաւորականութեան մէջ ունեցած ենք հայրենասէրներու հսկայ փաղանգ մը, որ նման տագնապներու պահուն, գիտակցելով կացութեան ահաւորութեան, քաղաքակիրթ բոլոր միջոցները ի գործ դնելով՝ կրցած է այլընտրանքի ուղին բաց չձգել, արդարութիւն պարտադրել եւ մեր նաւը պահել որոշ ընթացքի մէջ։
Բայց այսօր, այդ հայրենասէրներու, հայութեան սեփական պահանջներով առաջնորդող ու առաջնորդուողներուն թիւը նօսրացած է ու կը շարունակէ նօսրանալ։ Այս նաեւ պատճառ կը դառնայ, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կորովաթափ ըլլայ տակաւին ազգային յանձնառութիւն վերցուցած վերջին փոքրամասնութիւնը։
Կառավարութեան արտաքին քաղաքականութեան սխալ ընթացքը, ազգային հարցերու նկատմամբ ժողովուրդին անտարբերութիւնը եւ կորովաթափութիւնը, մեր ազգն ու հայրենիքը կ՛ենթարկեն հսկայական վնասներու, որոնցմէ գլխաւորներն են Հայաստանէն արտագաղթը եւ հայկական Սփիւռքի օտարացումը։
Կարելի չէ՛ լուռ ու ձեռնածալ մնալ եւ չգործել ի տես այս երեւոյթներուն։ Կորուստները հակակշռելու համար, անհրաժեշտ է մեր հայրենի պետութեան քաղաքական ընթացքը փոփոխութեան ենթարկել, որովհետեւ մեզի պէտք է ղեկավարութիւն, որ կարողութիւնը ունենայ ղեկավարելու մեր երկրին ու ժողովուրդին ազգային նոր ընթացքը, ապա թէ ոչ՝ կրնանք ա՛լ աւելի տուժել։
Եթէ Հայաստանի կառավարութիւնը ներկայացնող անհատներուն մօտ կը պակսի ճկուն քաղաքականութիւն վարելու յատկութիւնը, ապա մեր ժողովուրդին եւ յատկապէս երիտասարդութեան մեծամասնութեան կը պակսի հայրենասիրութեան ոգին։ Ահա այս է մեր գոյութեան սպառնացող վտանգը։
Ուրեմն, մեզի ուղղուած մարտահրաւէրները յաջողութեամբ դիմագրաւելու համար, մասնաւորաբար հայ ուսանողութիւնը եւ երիտասարդութիւնը պէտք է ներշնչուին հայրենասիրութեամբ եւ ազգասիրութեամբ, որոնց պէտք է ընկերանայ քաջութիւնը։ Որովհետեւ մեր ազգին ապագայ մտաւորականութիւնը ինքն է՝ երիտասարդ ուսանողութիւնը։
Պատմութեան ընթացքին գոյատեւած են այն ազգերը, որոնց մտաւորականութեան զինակիցը եղած է հայրենասիրութիւնն ու արիութիւնը։