ԽՄԲԱԳՐԱԿԱՆ «ԱԶԴԱԿ»Ի
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմէտ Տաւութօղլուի աշխատանքային այցելութեան մանրամասնութիւններուն անդրադարձած է մեր մամուլը։ Յագեցած ժամանակացոյց, որ պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ տեսակցութիւններու արարողակարգային շարքին առընթեր կ՛ընդգրկէր թրքական պետութեան նուիրատուութեամբ հիւսիսի մէջ առողջապահական կեդրոնի մը բացումը։ Թուրքիան, ըստ երեւոյթին, բաւական մեծ հետաքրքրութիւն կը ցուցաբերէ Լիբանանի կրթական, առողջապահական եւ բարեսիրական մարզերուն։ Տաւութօղլուէն առաջ Ալի Պապաճանը եւ անկէ առաջ Ապտուլլահ Կիւլը եւս մասնակցած էին դէպի Լիբանան դիւանագիտական տողանցքին եւ, ինչպէս հարաւային Լիբանանի մէջ, այնպէս ալ՝ հիւսիսային Լիբանանի, անոնք նման նախաձեռնութիւններով հանդէս եկած էին։
Թրքական դիւանագիտութեան աշխուժացման երեւոյթը արդէն որոշ ճամբայ կտրած է։ Անիկա կը տեղաւորուի միջին արեւելեան երկիրներու մէջ թրքական պետութեան կիրարկած ընդհանուր, նորովի աշխուժացած քաղաքականութեան ծիրին մէջ։ Չմոռնանք, որ Թուրքիան առաջին ինքնաառաջադրուողն էր հարաւային Լիբանանի մէջ միջազգային խաղաղապահ առաքելութեան մաս կազմելու։
Արաբական աշխարհին համակրանքը շահելու համար Թուրքիոյ վարիչներուն բեմականացուցած արարները յայտնապէս ենթահող շահած են։ Կազայի պատերազմէն անմիջապէս ետք Զուիցերիոյ ժողովասրահներուն մէջ վարչապետ Էրտողանի բեմադրութեան հետեւած են արաբական մամուլին մէջ բազմաթիւ վերլուծումներ՝ թրքական կեցուածքը դրուատող։ Ակներեւօրէն առատ են լիբանանեան մամուլին մէջ երեւցող թրքական նոր դերակատարութիւնը լուսարձակի տակ առնող մեկնաբանական յօդուածները։
Թրքական դիւանագիտութեան վերաբերեալ հետզհետէ աւելի յստակ ուրուագծուող ուղղուածութեան մը նախադրեալները պարզ են։ Ականատես պիտի ըլլանք նման եռուզեռի մը տարբեր դրսեւորումներուն։
Ընդգծելի կէտ մը այս բոլորին զուգահեռ պէտք է գրաւէ հայկական մամուլին եւ լիբանանահայ կազմակերպութիւններուն ուշադրութիւնը։ Հիւսիսային Լիբանանի մէջ պետական մակարդակով եւ հետեւողական ձեւով աշխատանք կ՛իրականացուի ձեւաւորելու համար ծագումով թուրք-թիւրքմէն, քաղաքացիութեամբ լիբանանցի համայնք մը։ Թուրք ոեւէ բարձրաստիճան պաշտօնատար չի մոռնար Լիբանանը, իր աշխատանքային այցելութեան ժամանակացոյցին վրայ տեղադրել տուեալ շրջան մեկնումը, հանդիպումը տեղւոյն բնակիչներուն եւ անոնց ներկայացուցիչներուն հետ։ Մինչ, Լիբանանի մէջ թրքական դեսպանատան պաշտօնեաները ժողովրդային համապատասխան տօնակատարութիւններուն կ՛ապահովեն հովանի եւ համապատասխան տարողութիւն։
Պարզ է. կայ աշխատանք այստեղ թրքական ծագումով ազգաբնակչութիւնը կազմակերպ համայնքի վերածելու։ Այս համայնքին ենթադրեալ դերակատարութիւնը կ՛ըլլայ սատարելը թրքական պետութեան շրջանային քաղաքականութեան կայացման եւ այդ նպատակին համար պարարտ ենթահող տրամադրելը։
Նախադրեալները կը համոզեն, որ թրքական պետութեան նախաձեռնած մարդասիրական բնոյթի ծրագիրները հետզհետէ թափ պիտի ստանան։
Վերադառնանք Տաւութօղլուի այցելութեան։ Հերթական անգամ դաշնակցական երիտասարդութիւնը ժամադրուած էր Լիբանան այցելող թուրք դիւանագէտին հետ։ Մեր երիտասարդութեան ցուցական արարքը, ժխտողականութեան դատապարտումը նոր սերունդի պահանջատիրութեան փաստի վերաամրագրումն է։
Թրքական գերաշխուժութեան ներկայ տարողութիւնն ու կշռոյթը, երիտասարդական ցոյցերուն առընթեր, գործընթացներուն մօտէն հետեւելու հրամայականին առջեւ կը դնէ գաղութը՝ իր բոլոր շերտերով։