ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ
Ռուսիոյ վարչապետը այսօր Անգարա պիտի գտնուի: Նախկին նախագահը, որ հիմա ալ կը նկատուի իր երկրի իրական ղեկավարը, իր այս այցելութեան ընթացքին գլխաւորաբար պիտի կեդրոնանայ ուժանիւթի ու տնտեսական խնդիրներու վրայ:
Անշուշտ շրջանային քաղաքական խնդիրները չեն կրնար բոլորովին անտեսուիլ: Յատկապէս Ղարաբաղեան հարցի վերաբերեալ Ռուսիոյ կարեւոր գործօն ըլլալը նշանակալից փաստ մըն է եւ այդ հարցին վերաբերեալ Թուրքիոյ շահագրգռութիւնը բացայայտ իրողութիւն է:
Այս իրողութեանց լոյսին տակ, առաւել ուշագրաւ կը դառնայ Փութինի Անգարայի մէջ ունեցած աշխատանքային հանդիպումներու նախօրէին, Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Կրիկորի Կարասինի յայտարարութիւնը՝ Ատրպեճանական մամլոյ գործակալութեան Մոսկուայի թղթակիցին, որուն ան հաւաստած է, թէ իր երկիրը կը ճանչնայ ու կը յարգէ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը (անձեռնմխելիութիւնը):
Ոչ շատ հեռու անցեալին, Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը իր սեփական բանակի սուիններով խախտած Ռուսիոյ արտաքին նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարը փորձած է այս հակասութիւնը լուծել հրաշալի բանաձեւումով մը.
Ռուսիա անտեսած է Վրաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը յարգելու սկզբունքը, որովհետեւ անցեալ Օգոստոսին, այդ երկրի իշխանութիւնները որոշած են դադրեցնել միջազգային հանրութեան կողմէ իբրեւ հակամարտող կողմ ընդունուած Հարաւային Օսէթիոյ հետ իրենց մինչ այդ վարած բանակցութիւնները եւ յարձակած են անոր վրայ:
Ըստ Կարասինի, հակամարտութեան կողմ ըլլալու ճանաչումը միջազգային հանրութեան կողմէ ուրիշ տեսակի կարգավիճակ մըն է, հաւասար՝ տարածքային անձեռնմխելիութեան սկզբունքին, որուն խախտման պարագային կարելի ու արդարացի է ռազմական միջամտութիւնը:
Ղարաբաղի հակամարտութիւնը լուծելու գործընթացին կարեւոր մասնակիցներէն նկատուող Ռուսիան, այդ գործընթացը վարող Մինսկի խումբի համանախագահներէն է, եւ ուրեմն, կը հանդիսանայ գլխաւոր երաշխաւորներէն մէկը՝ հակամարտող կողմերուն միջեւ բանակցային գործընթացը բացառապէս խաղաղ պայմաններու տակ յառաջ տանելու սկզբունքին: Այս սկզբունքն է, որ այստեղ ռուս պաշտօնատարը կը վերահաստատէ՝ շեշտելով բոլոր կողմերուն համար շահաւէտ շրջանային խաղաղութիւնը պահպանելու կարեւորութիւնը: Հայկական կողմը եւս յանձնառու է խաղաղութեան պահպանման: Միայն Ատրպէյճանն է, որ տարբեր առիթներով, կամ բոլորովին ապառիթ, ռազմական գործողութիւնները վերսկսելու սպառնալիքներ կը կատարէ:
Կարասինի յայտարարութիւնը փոխանակ հանգստացնելու ատրպէյճանցիները, անոնց զգաստութեան հրաւիրելու փորձ պէտք է նկատուի:
Փութին եւս, ստրպեճանական սպառնալիքներու անիմաստ ըլլալու մասին խօսելու պարտաւորութիւնը պիտի դիմագրաւէ Պաքուի դաշնակից՝ Անգարայի մէջ: