ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Էրկէնէքոն»ի երրորդ ամբաստանագիրը մերկացուցած է նաեւ Հայոց Մեսրոպ պատրիարքին դէմ ծրագրուած մահափորձին մանրամասնութիւնները։ Ծրագիրին համաձայն, պատրիարքը պիտի սպաննուէր կազմակերպութեան անդամներու կողմէ՝ տանիքներու վրայ տեղադրուած երկու «ԼԱՎ» հրացաններով։ )ԼԱՎ հրացանները ընդհանրապէս կը գործածուին հրասայլեր փճացնելու համար)։
Այս ծրագիրին մանրամասնութիւնները ձեռք բերուած են ամբաստանեալներէն Իպրահիմ Շահինի տան մէջ կատարուած խուզարկման ընթացքին։ Մահափորձին համար նախատեսուած էին հետեւեալ հանգրուանները.
1- Առաջին հանգրուանի վրայ պիտի ճշդուէր պատրիարքին եկեղեցի մուտք-ելքի ժամերը։ Եթէ պարբերական ժամերը ճշդել կարելի չըլլար, ապա պիտի ճշդուէր, թէ ճամբայ ելլելէ մօտաւորապէս որքա՞ն ժամանակ վերջ կը վերադառնար։ Այս ժամերը ծրագրին մէջ ցոյց պիտի տրուէին ԵԺ )ելլելու ժամ) կամ ՎԺ )վերադարձի ժամ) սկզբնատառերով։ Իսկ մահափորձի գործադրութեան ժամը պիտի արձանագրուէր իբրեւ՝ ԳԺ )Գործողութեան ժամ)։
2- Երկրորդ հանգրուանին, կազմակերպութիւնը պիտի ապահովէր երկու «ԼԱՎ» հրացաններ, որոնք պիտի տեղաւորուէին ծրագրին մէջ ցոյց տրուած երկու շէնքերուն տանիքներուն վրայ։ Այս հրացանները պիտի տեղադրուէին դէպի Սէվկի փողոց նայող կողմ, կղմինտրներու տակ, գիշերուան մութէն օգտուելով։
3- Երրորդ հանգրուանին, գործողութեան օրը դիտարկելու պարտականութիւն ստանձնած անդամը տեղւոյն վրայ պիտի սպասէր ու թիրախին մեկնումը իմաց պիտի տար իր առաջնորդին։
4- ԳԺէն 15 վայրկեան առաջ «տտտտ» անուն անդամը իր տեղը պիտի գրաւէր թիւ 1 շէնքին մօտերը, իսկ «էէէէ» անուն անդամը՝ թիւ 2 շէնքին մօտերը։ Յստակացնելու համար թէ ամէն ինչ ապահով էր, «տտտտ»ն իր ժամացոյցը ցոյց պիտի տար՝ աջ ձեռքը երկարելով, իսկ «էէէէ»ն աջ ձեռքով ծխախոտ պիտի ծխէր, մինչ ձախ ձեռքը պիտի պահէր գրպանին մէջ։ Այս երկուքէն որեւէ տարբեր շարժում պիտի նշանակէր, թէ վտանգ մը կայ։ ԳԺէն տասը վայրկեան առաջ, «ֆֆֆֆ» թիւ 1 շէնքին, իսկ «կկկկ»ն թիւ 2 շէնքին վրայ իրենց տեղերը պիտի գրաւէին ու Սէվկի փողոցը պիտի առնէին իրենց «ԼԱՎ» հրացաններու հսկողութեան տակ։
5- Հինգերորդ հանգրուանին, երբ թիրախը փողոց պիտի մտնէր, ահաբեկիչներէն առաջինը պիտի սկսէր կրակելու թիրախին վրայ։ Իսկ երկրորդը այդ վայրկեանին պիտի կրակէր հոս ու հոն, ըստ բախտի։ Գործողութիւնը իրականացնելէ ետք երկուքն ալ պիտի հեռանային վայրէն։
Հաղորդակցութիւնը պիտի կատարուէր միայն ղեկավարին կողմէ, անդամներուն տրուած գրպանի հեռախօսներով։
Տարբեր աղբիւրներու մէջ դիտել կը տրուի, թէ այս գործողութիւնը պիտի կատարուէր Էմինէօնիւի խմբակին կողմէ։ «Ենի Շաֆաք» թերթին համաձայն, Իպրահիմ Շահին, որուն քով գտնուեցան այս թուղթերը, այս հարցին համար կապ հաստատած էր Ֆաթմա Ճէնկիզի հետ եւ անոր ըսած էր. «Ես հայերու դէմ հիմնուած առաջին կազմակերպութեան պետն եմ»։ Ուրիշ անգամ մըն ալ ըսած էր. «Ասէնա, պարտականութիւն կայ, հայ մը պէտք է սպաննուի»։
Նոյն թուղթերուն համաձայն, նմանօրինակ մահափորձ մըն ալ ծրագրուած էր Սվազի մէջ բնակող Մինաս Տուրմազկիւլէրի դէմ։
Ամբաստանագիրին մէջ կը պատմուի, թէ Իպրահիմ Շահինի կազմակերպութիւնը վարձած էր կարգ մը անձեր, որոնց պարտականութիւնն էր զանազան հայերու մասին տեղեկութիւններ հաւաքել: