ՀՐԱԶԴԱՆ, «ԱրմէնիաՆաու».- Բնապահպաններուն համար լուրջ մտավախութիւն յառաջացուցած է Հրազդան քաղաքը շրջապատած կանաչապատ լերան վրայ կառուցուելիք մետաղամշակման գործարանը։ Մտավախութիւնը ծանր մետաղներու մշակման հետեւանքով՝ օդի հաւանական աղտոտութեան շուրջ է, ինչ որ կրնայ յառաջացնել քաղցկեղ, ծանր շնչառական խնդիրներ, ինչպէս նաեւ կրնայ աղտոտել քանի մը քաղաքներ սնուցող խմելու ջուրի պաշարները:
Ըստ «Օրհուս» բնապահպանական տեղեկատուական կեդրոնի համակարգող Էդգար Ենգիբարեանի, տակաւին յստակ չէ, թէ երբ պիտի կառուցուի «Նագին» մետաղամշակման գործարանը, իսկ բնապահպանութեան նախարար Արա Յարութիւնեանը խուսափած է պատասխանելէ: Միւս կողմէ, Կոտայքի մարզպետարանի գիւղատնտեսութեան վարչութեան բնապահպանութեան բաժնի պետ Կարօ Թումոյեան յայտնած է, թէ կանոնները փոխուած են եւ հանքերու շահագործման համար մարզպետարանի համաձայնութիւնը վերջին տարիներուն պարտադիր չէ. կառավարութիւնը արտօնագիրներ կը տրամադրէ առանց մարզպետարանի կարծիքը նկատի ունենալու։