ՊԸՐՊԷՆՔ.- Առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան Խաչվերացի Կիրակին՝ Սեպտեմբեր 13ը, նուիրած է Էջմիածինի փոքրիկներու հիմնադրամին: Առաջնորդարանը Հայաստանի 1988ի երկրաշարժէն անմիջապէս ետք սկսաւ որբացած երեխաներ որդեգրելու եւ անոնց հոգածութիւնը հովանաւորելու:
Կը խնդրուի վերոյիշեալ Կիրակի օրը աղօթել որբերու քաջառողջութեան ու անոնց փայլուն ապագային համար եւ նիւթապէս աջակցիլ անոնց խնամքին եւ դաստիարակութեան: Անոնք, որոնք կը փափաքին որբ մը որդեգրել, կրնան դիմել առաջնորդարան՝ (818) 558-7474 թիւով:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.