ՀՈԼԻՎՈՒՏ.- Յուլիս 25ին, Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբէն անդամներ իրենց մասնակցութիւնը բերին շրջանի Թայ համայնքի զարգացման կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած տարեկան իններորդ փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Հոլիվուտի մէջ, Հոլիվուտ եւ Ուէսթըրն պողոտաներուն անկիւնը, ուր կը հանդիպին Փոքրիկ Հայաստանն ու Թայ քաղաքը:
Հայ Դատի յանձնախումբի անդամներուն կողքին, փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ ՀՕՄի Հոլիվուտի մասնաճիւղէն ընկերուհիներ՝ թարգմանական սպասարկութիւններ տրամադրելով փառատօնը այցելող հայ քաղաքացիներուն, որոնք այսպիսով կրցան կապ հաստատել փառատօնին մասնակցող աւելի քան 40 համայնքային առողջապահական եւ ընկերային սպասարկութեանց կազմակերպութիւններու անդամներուն հետ:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Փօլ Սերատարեան յայտնեց, թէ փառատօնը առիթ մը եղած է աւելի մօտէն ծանօթանալու շրջանին մէջ գործող բազմաթիւ համայնքային կազմակերպութեանց գործունէութեան եւ անոնց անդամներուն, որոնց բոլորին նպատակն է բարելաւել շրջանին ու անոր բնակչութեան վիճակը:
Իր կարգին, փառատօնի կազմակերպիչ յանձնախումբի ղեկավար Ֆիլ Ուէնկ ողջունեց հայկական կազմակերպութեանց մասնակցութիւնը, որուն շնորհիւ այս տարի շատ աւելի մեծ թիւով հայեր ներկայ եղան փառատօնին: Ան դրուատեց յատկապէս Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին դերակատարութիւնը:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները նաեւ իրենց գործունէութիւնը ծանօթացուցին մասնակիցներուն, միաժամանակ անոնց տեղեակ պահելով, թէ յառաջիկայ՝ Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին, գործարարական տուրքերու նուիրուած հաւաք մը պիտի կազմակերպուի Հայ Դատի յանձնախումբին եւ նահանգային հարկային իշխանութեանց համատեղ ջանքերով:
Յատկանշական է նաեւ, որ Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբի այս աշխատանքին իրենց կամաւոր աջակցութիւնը բերին նաեւ մեծ թիւով հայ աշակերտներ: Անոնցմէ մէկն էր «Մարշըլ» վարժարանի աշակերտներէն Աստղիկ Յակոբեանը, որ ողջունեց շրջանին մէջ ապրող այլ ազգերու ներկայացուցիչներուն հետ կապեր հաստատելու այս առիթը:
Հոլիվուտի Հայ Դատի յանձնախումբին հաստատած տաղաւարը այցելողներուն շարքին էր Քալիֆորնիոյ Ծերակոյտի անդամ Քըրըն Փրայսը:
«Փառատօնը շատ լաւ կազմակերպուած էր եւ անոր մեր մասնակցութիւնը լաւ առիթ մըն էր՝ համայնքային այլ կազմակերպութեանց հետ շփուելու», յայտնեց ՀՕՄի անդամ Նիք Դաւթեան:
Փառատօնին ընթացքին ելոյթ ունեցողներու շարքին էր Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամ Քէվըն տը Լէոնի ներկայացուցիչ Պայծառ Թովմասեանը, որ մեծապէս գնահատեց շրջանի սպանախօս, հայ ու թայ համայնքներուն մէկտեղման առիթ դարձած սոյն նախաձեռնութիւնը: