Նաթալի Մարտիրոսեան Աստղիկ Սոլոմոնեան Գարիկ Նահապետեան
Հայ իրաւաբաններու միութիւնը (ArmenBar) հաղորդագրութեամբ մը կը տեղեկացնէ, թէ որոշուած է այս տարի կրթանպաստներ յանձնել երեք հայ ուսանողներու, որոնք կը յաճախեն կամ պիտի սկսին յաճախելու իրաւաբանական համալսարաններ:
Այս տարուան կրթանպաստները պիտի ստանան Նաթալի Մարտիրոսեանը (վկայուած UCLA-էն), Գարիկ Նահապետեանը (UCI-էն) եւ Աստղիկ Սոլոմոնեանը (Երեւանի պետական համալսարանէն):
Կրթանպաստներ ստացողները իրենց լաւ նիշերուն կողքին, պէտք է փաստեն, թէ հայկական համայնքէն ներս գործօն անդամներ են, նախընտրաբար՝ մարդասիրական կամ իրաւաբանական մարզերէն ներս: Միութեան կրթանպաստներու ծրագիրը կարելի կը դառնայ նուիրատուութիւններու եւ յատուկ այդ նպատակով կազմակերպուած ձեռնարկներու միջոցաւ: Միութիւնը նաեւ խորհրդատուական սպասարկութիւններ կը մատուցէ իրաւաբանական ճիւղի հետեւող հայ ուսանողներուն: