ԱՒՕ ԳԱԹՐՃԵԱՆ
Հայ ազատագրական պայքարի արիւնալի ճամբուն վրայ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը նուիրաբերեց թանկագին մարտիկներ։
Այդ ազնուական հերոսներն ու գործիչները բազմաթիւ են, բոլորն ալ՝ յարգանքի ու յիշատակի արժանի։
Անոնցմէ շատերը թէեւ իրենց կեանքը ընծայեցին հայ ազգին ու հայրենի հողին, սակայն պայմաններու բերումով անոնց աճիւնները կը մնան հայրենի հողէն հեռու, օտար ափերու մէջ։
Այդ դաշնակցական մարտիկներէն ու գործիչներէն Լեւոն փաշա Շաղոյեանի, հայ յեղափոխական մարտիկի մը, ժողովուրդի առաջնորդի մը, ժողովուրդի ծառայի մը, որ կեանք մը ամբողջ հայրենիքով ու ազգով տառապեցաւ, կեանք մը ամբողջ հայրենիքին ու ազգին նուիրեց, աճիւնները մինչեւ օրս թաղուած կը մնան Իրաքի հիւրընկալ հողին մէջ։
Լեւոն փաշա։
Անունը միայն ինքնին ամբողջ պատմութիւն է։ Այս համեստ յօդուածով կը փորձենք անոր յիշատակը պանծացնել եւ նոր սերունդին ներկայացնել ազգային ազատագրական պայքարի էջերուն իր անունը արձանագրած խոնարհ հերոսին գործունէութիւնն ու յատկութիւնները։
Լեւոն Շաղոյեան ծնած է 1887ին, Վասպուրական, Հայոց Ձոր գաւառի Խարականց գիւղը։
Ազգային-ազատագրական շարժումի գործիչ։ ՀՅԴ կուսակցութեան անդամ։ Նախնական կրթութիւնը ստացած է Աղթամար կղզիին մէջ։
Ան իր մանուկ տարիքէն արդէն ունէր ըմբոստ ոգի։ Իրենց արտը ջրելու համար իրենց բաժին ինկող ջուրը դրացի քիւրտի մը կողմէ կը դարձուի դէպի իր արտը. իրողութիւնը կը սրբագրուի, սակայն կրկին ու կրկին կը կրկնուի, որուն հետեւանքով երիտասարդ Լեւոնը, քիւրտը բռնելով յանցանքը գործած պահուն՝ կը սպաննէ ու կը դառնայ յեղափոխական փախստական։
Առաջին իսկ օրէն ամբողջովին նուիրաբերուած է հայ ժողովուրդի ազատագրութեան պայքարին։ Այս պատճառով ալ Վասպուրականի Կեդրոնական կոմիտէի մէկ հրահանգով, 1912ի աշնան կ՛ահաբեկէ հաճի Եագուպը, որ ազգային վարժարաններու կրթական քննիչ Ռաֆայէլեանը սպաննած էր։
Շաղոյեան մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմի սկիզբը իր կազմած ֆետայական խումբով պայքարած է հայ ժողովուրդի հարստահարիչներուն դէմ։ 1915ին մասնակցած է Շատախի եւ անոր գիւղերու ինքնապաշտպանութեան մարտերուն։ Վասպուրականի հերոսամարտի ընթացքին կը դառնայ Փեսանդաշտի ինքնապաշտպանութեան ղեկավարը եւ կը յաջողի միանալ Շատախ-Թաղի ճակատի ինքնապաշտպանութիւնը վարողներուն ու մէկ ամսուան մարտնչումներէ ետք կը փրկէ իր շրջանի ամբողջ ժողովուրդը՝ 6000 հոգին։
1916ին, ռուսական բանակները Յունիսէն Նոյեմբեր, երկու անգամ, նահանջի կ՛ենթարկեն իրենք զիրենք եւ իրենց հետ Վասպուրականի ժողովուրդը, որ կ՛անցնէր Արարատեան դաշտ, ապա կրկին կը վերադառնար՝ վերստին հաստատուելու համար իր հայրենի հողին վրայ, ռուսական երկրորդ նահանջին հետ վերստին նահանջելու համար։ Իսկական վտանգը, սակայն, կը ստեղծուի 1917 Հոկտեմբերէն ետք, երբ ռուսական համայնավար յեղափոխութեան պատճառով, Թուրքիոյ ճակատին վրայ կռուող ռուսական բանակները ամբողջովին կը լքեն ճակատը եւ գաղթական հայութիւնը, որ նոր տեղաւորուած էր Էրզրում, Երզնկա, Մուշ ու Վասպուրական տարածուող շրջաններուն մէջ, ամբողջովին մինակ կը մնար, կը ստիպուէր ապաւինիլ միայն ու միայն հայկական կամաւորական գունդերու պաշտպանութեան։ Հետեւաբար կը սկսէր նահանջը համայն հայութեան ու անոր հետապնդումը՝ թրքական կանոնաւոր բանակներուն եւ քրտական անկանոն ուժերուն կողմէ։
Կոստի Համբարձումեանի գլխաւորութեամբ, Վասպուրականի մէջ կը կազմուի ժամանակաւոր կառավարութիւն մը։ Այդ շրջանին Լ. Շաղոյեանին կը յանձնուի Գիաւաշի գաւառապետութիւնը։ Սակայն անմիջապէս Վասպուրականի հայութեան կը հարկադրուի նահանջել դէպի երեւանեան նահանգ։
Լեւոն Շաղոյեան եւ այլ յեղափոխական մարտիկներ հերոսական կռիւներ կը մղեն Ոստան շրջանին մէջ, նահանջի պահուն։ Լեւոն իր ռազմական հմտութեամբ խումբը բաժնած էր չորսի, որպէսզի աւելի դիւրին ըլլայ պաշտպանել ժողովուրդը։ Ան իր հմուտ եւ պաղարիւն ղեկավարութեամբ յաճախ ծուղակի մէջ ձգած է թրքական ժանտարմաները։ Հայ կամաւորներու հերոսական դիմադրութիւնները, Լեւոնի գլխաւորութեամբ, փառաւոր յաղթութեամբ պսակեցին հայրենի երկիրը։ Բայց աւաղ, այդ ազատութիւնը վաղանցուկ եւ կարճատեւ եղաւ։
Արեւմտահայութեան մնացորդները ստիպուած էին ապաստանիլ Արարատեան աշխարհ։ Յաճախակի զոհողութիւններն ու կռիւները յանգեցան 1918 Մարտ 28ին, երբ ՀՅԴի Վասպուրականի Պատասխանատու մարմինը կ՛որոշէ ժողովուրդը գաղթեցնել դէպի Պարսկաստան։ Կը սկսի ոդիսական մը, Վասպուրականէն մինչեւ Սալմաստ։ Ժողովուրդը կը նահանջէ պաշտպանութեանը տակ իր մարտական ուժերուն, որոնք կը կռուէին գրեթէ չորս կողմէն շրջապատուած վիճակով։ Կռիւները ամէնօրեայ էին, գրեթէ տեւական. թշնամին հետեւողականօրէն կը հետապնդէր գաղթող ժողովուրդն ու կռուողները։
Հակառակ պարսկական հող հասած ըլլալնուն, Սալմաստը բաւարար ապահով ապաստան մը չի դառնար ժողովուրդին համար։ 1918 Յունիս 6ին, ժողովուրդը, Կոստի Համբարձումեանի եւ Լեւոն Շաղոյեանի առաջնորդութեամբ, կը գաղթէ դէպի Ուրմիա՝ միշտ կռուելով իր կռնակէն ու կողքերէն զինք հարուածող թշնամիներուն դէմ։ Այդ կռիւներու ընթացքին է, որ Լեւոն Շաղոյեանի արտակարգ քաջութեան համար, քիւրտերը զինք կը մկրտեն «փաշա» տիտղոսով՝ իրենց յօրինած երգերուն մէջ, եւ ժողովուրդը կ՛որդեգրէ տիտղոսը։ Անհրաժեշտ է հոս փակագիծ մը բանալ Լեւոն Շաղոյեանի «փաշա» տիտղոսին մասին։ Ան իր կեանքին մէջ չէր փնտռած ո՛չ փառք, ո՛չ ալ պատիւ, սակայն այդ «փաշա» կոչումը ընդունեց իբրեւ մակդիր, ծածկանուն։ Հեզութեամբ ընդունեց այդ տիտղոսը, զոր քիւրտն ու հայը արժանի նկատած էին իրեն, իր տարած բազմաթիւ սխրագործական մարտնչումներուն համար։
1918ի Յունիս 30ին Կոստի Համբարձումեանին հետ կը կազմակերպէ Վանէն հայերու հարկադրական գաղթը դէպի Համատան երթալու եւ անգլիական զօրքերուն միանալու մտադրութեամբ։ Սակայն Սային Գալայի մէջ խումբ մը թուրքեր՝ անգլիական զինուորներու տարազ հագած, դաւ նիւթելով կը սպաննեն Կոստի Համբարձումեանը։ Լեւոն փաշա իր ընկերներով, ակն ընդ ականը որդեգրելով՝ արժանի պատիժը կու տան դաւադիրներուն եւ անկէ ետք նահանջող ժողովուրդի առաջնորդի ծանր պարտականութիւնը ամբողջութեամբ իր ուսերուն վրայ առած՝ ան կ՛ապահովէ գաղթականներուն անվտանգութիւնը։ Անգլիական ուժերուն միանալէ ետք հայ գաղթականները եւ Շաղոյեանի ուժերը կը շարժին դէպի Պաղտատ, ապա Պասրայի մօտ կը հիմնեն վրանաբնակ քաղաք մը, որոշ ժամանակաշրջանի մը համար։
Օրին Լեւոն Շաղոյեան ստանձնեց Միջագետքի հայութեան ապահովութիւնը։ Այս պատճառով էր, որ ՀՅԴ Բիւրոն 1919էն հերթական նամակագրութիւն կը պահէր Շաղոյեանի հետ։ Այդ դժուարին պայմաններուն մէջ, Բիւրոն գործուղած էր Արսէն Կիտուրը՝ փոքրիկ գումարով։ Միջագետքի տարածքին գործադրելիք խիստ կարեւոր նպատակներ կային, այդ պատճառով ալ Բիւրոն կարեւորութիւն կու տար նոր ազատագրուած շրջանին, հետեւեալ նպատակներով.
ա) Վասպուրականէն նահանջած հայկական զօրամասերու եւ գաղթականութեան հաւաքականութիւնը կարենայ պահել եւ կարենայ կապուիլ Բիւրոյին հետ։
բ) Տարագրուած հայութեան բեկորները հնարաւոր ըլլայ հաւաքել արաբական անապատներէն։
գ) Միջագետքի դաշնակցականներուն միջոցով կարենայ իրազեկ ըլլալ Հայաստանի հարաւը կատարուած անցուդարձերուն եւ անոնց միջոցով բարեկամական կապ հաստատել հայ ժողովուրդով շահագրգռուող ժողովուրդներու, գլխաւորապէս՝ եզիտիներու, ասորիներու եւ քիւրտերու հետ։
Հակառակ Բիւրոյէն վերոնշեալ վայրը քիչ գումարներ հասնելուն, Բիւրոյի արխիւներէն կ՛երեւի, նոյնիսկ դաշնակցական գործիչներու յուշերէն ալ կ՛եզրակացնենք, թէ Միջագետքի ընկերներու անձնուիրութիւնը եւ բացառիկ յամառ տոկունութիւնը մեծ արդիւնքներ տուած են այս առնչութեամբ. վերոյիշեալ դժուարին գործի յաջողութիւնը կը պատկանի Լեւոն փաշային, որ կրցած է իրեն հետ նահանջած Վասպուրականի եւ Պարսկաստանի զինուորներու եւ գաղթականներու կեդրոնական անձնաւորութիւնը դառնալ եւ մինչեւ իր կեանքի վերջին օրը չբաժնուիլ անոնցմէ։
Լեւոն Շաղոյեանի ջանքերով, 8-9 հազար գաղթականներ ծովով ու ցամաքով հասան Հայաստան եւ Պարսկաստան։
1921ի Յունիս 23ին, կ՛որոշուի հայկական վրանաքաղաքը լուծարքի ենթարկել։ Ժողովուրդին ստուար մասը կը մեկնի Խորհրդային Հայաստան, մէկ մասը՝ Պարսկաստան, իսկ մէկ մասն ալ կը ցրուի Իրաքի մէջ՝ Պաղտատ, Մոսուլ, Հապպանիյէ, Քերքուք, Պասրա, Խանախին, իսկ գիւղացի հատուածը՝ 3000 հոգի, Լ. Շաղոյեանի առաջնորդութեամբ կը բարձրանայ Իրաքի հիւսիսը գտնուող Հաւրեզ գիւղը։ Նահր Օմարի մօտ, Հաւրեզ գիւղի մէջ կայք հաստատած Լ. Շաղոյեան կ՛աշխատէր ջաղացպանութեամբ եւ Հաւրեզի ու շրջանի ցորենը կ՛աղար։
Լեւոն փաշա գիւղէն պարբերաբար դուրս եկած է միայն կուսակցական կամ առողջական դարմանումի պատճառներով։ Ուստի, 1958ին դարմանուելու նպատակով անցած է Լիբանան։
Լեւոն Շաղոյեան իր կեանքի վերջին երկու տարիները քայքայուած առողջութեամբ ապրած է կրկին Իրաք, սակայն՝ Պաղտատի մէջ։ Ան իր մահկանացուն կնքեց թոքատապի պատճառով, Երեքշաբթի, 6 Օգոստոս 1974ին, Պաղտատի Սեն Ռաֆայէլ հիւանդանոցին մէջ։ Թաղման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ երեք օր ետք, Ուրբաթ, 9 Օգոստոսին։
Լեւոն Շաղոյեան մասնակցած է ՀՅԴի Ընդհանուր ժողովներուն՝ 1933ին, 1937ին, 1947ին, 1951ին, 1955ին, 1959ին, 1963ին եւ 1967ին։
Լեւոն փաշայի յատկանիշներէն եղած է ընթերցասիրութիւնը։ Ան մեծ ընթերցող մը եղած է, կարդացած է միայն ու միայն քաղաքական գրականութիւն եւ մամուլ։
Շաղոյեան, պատանի տարիքէն, կարծես յեղափոխական ըլլալու իր հարկադրանքը պատճառ եղած է, որ մինչեւ իր կեանքին վերջին օրերը մնար «մինակ», թէեւ իր գաղափարակիցներն ու հարազատները համախմբուած էին անոր շուրջ։
Այս բոլորէն կ՛եզրակացնենք, թէ Լեւոն Շաղոյեան, իբրեւ յեղափոխական գործիչ, եղաւ անվախ, անբասիր գործիչ մը։ Եղաւ համեստ ու հեզ, առաջին իսկ անընդունելի անարդարութեան առիթով պոռթկացող։ Կեանք մը, որուն էջերուն մէջ կրնանք մեր ազգային նկարագրին համար հպարտութեան պատգամներ գտնել։
Կը բաւէ միայն, որ տեսնենք անոր ամբողջ կեանքի ընթացքին ներքին տառապանքն ու մտածումը, իր հոգին եւ ուղեղը տանջող, որովհետեւ ան ապրեցաւ մտահոգութիւնը սփիւռքահայութեան ապագային ու Հայ Դատի լուծման խոչընդոտներուն, դժուարութեանց։ Անոր մտասեւեռումը սփիւռքի հայ ժողովուրդին ճակատագիրն էր ու հայապատկան հողերու ամայացած վիճակը։
Այսօր աւելի կրնանք ըմբռնել անոր ռազմագիտական կարողութիւնը, զոր իր սրատես քաղաքականութեամբ կը գուշակէր։ Անցնող իւրաքանչիւր տարի մեզ կը դնէ աւելի դժուար կացութիւններու առջեւ, քիչ մը աւելի կը հեռացնէ երկրէն մեր ժողովուրդը, որ կը սկսէր վարժուիլ ու համակերպիլ արտասահմանեան տեղայնական պայմաններուն։
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան արիւնոտ դաշտին մէջ սնած ու թրծուած, բարձր ու ազնիւ յատկութիւններով օժտուած Լեւոն փաշա Շաղոյեանի մահուան 35ամեակին առիթով, այս յօդուածը թող ծաղկեփունջ մը համարուի իր հեռաւոր եւ մենաւոր գերեզմանին։
Շաղոյեան Փաշա
(Լեւոն Շաղոյեանի յիշատակին)
Խօսք եւ երաժշտութիւն՝
ԼԵՒՈՆ ԳԱԹՐՃԵԱՆԻ
Անունդ մեր մտքում,
Պատկերդ մեր սրտում,
Կ՛ապրես դու միշտ մեզ հետ,
Դարեր առյաւէտ։
Կրկներգ.-
Ծնունդդ Հայոց Ձոր,
Քաջութեամբդ ամէն օր,
Կը յիշուիս ամէնուր,
Կ՛ապրիս դու միշտ մեզ հետ,
Հաւատա՛, ազգդ վկայ,
Շաղոյեան փաշա
(կամ՝ ով Լեւոն փաշա)։
Գեղջուկը քեզ տուաւ
Փաշայի կոչում,
æան ֆետան քեզ տուաւ
Հերոսի անուն։
Կրկներգ.-
Ծնունդդ Հայոց Ձոր…
Մեր որդիք սովոր են,
Թէ ինչպէս պայքարեն,
Յանուն ազատութեան,
Զոհուիլ քաջօրէն։
Կրկներգ.-
Ծնունդդ Հայոց Ձոր…
Խորին շնորհակալություն տեղեկության և հիշատակության համար:
Երևի չհավատաք, բայց երկար եմ փորձել տեղեկություն գտնել Լևոն Շաղոյանի մասին: Լևոնը եղել է պապիկիս քեռին և հրամանատարը, և շատ է հիշվում մեր ցեղի մեջ: Ցավոք Իրաքից հեռանալուց հետո տեղեկություններ շատ քիչ են եղել նրանից: Նրա եղբոր սերունդը ապրում է ք.Էջմիածնում:
Խնդրում եմ հանարավորության դեպքում մի փոքր ավել տեղեկություն տալ Լևոն Շաղոյանի կյանքի մասին 1923 թ-ից հետո:
Հարգանքներով Ա.Նշանյան
Գրում է Լևոն Շաղոյանի եղբոր թոռներից Մարինե Շաղոյանը` Էջմիածնից :Խնդրում եմ գրեք,թե դուք որտեղ եք ապրում:Շատ ուրախ եմ ,որ դուք հիշում եք նրան,մենք միշտ նրանով հպարտացել ենք նրանով,և միշտ հավաքել ենք տեղեկությունները:
Խնդրում եմ գրեք arayik.nshanyan@gmail.com հասցեով:
կներեք իսկ երգը ձայնագրված տարբերակով գոյություն ունի՞
Այո,երգը ձայնագրված կա,հեղինակի կատարմամբ
Իսկ որտեղից կարող եմ գտնե՞լ:Համացանցում չեմ գտնում
Իսկ որտեղից կարող եմ գտնե՞լ
Ես ունեմ ,լազերային սկավառակով է
Ես Լևոն փաշայի քրոջ թոռներից մեկն եմ: Ապրում եմ Երևանում: Կրտսեր եղբորս Լևոն անունն է տրվել պանծալի Լևոն փաշայի հիշատակը հավերժացնելու նպատակով: 72 տարեկան եմ: Մեր ընտանիքը բարձր է պահել Լևոն փաշայի սուրբ անունը, քանի որ տվել է երկրին ՀՀվաստակավոր բժիշկ, գիտությունների թեկնածու մաթեմատիկոս,ՀՀ վաստակավոր ուսուցիչ,ինժեներ: Ցավում եմ, որ Լևոն փաշայի կուսակցական պատկանելիութունը դաժան պատնեշ է դարձել նրա հետ կապ հաստատելու ճանապարհին: Հայրս պարտիական աշխատանքի էր, իսկ նման կապը անվտանգ չէր:
Հարգելի տիկին Զոյա ,ես Լևոն Շաղոյանի եղբոր թոռներից եմ ,խնդրում եմ Զեր հեռախոսի համարը գրեք իմ էլ.փոստին marineshagoyan@mail.ru
Մարինե Շաղոյան