Ռուսիոյ վարչապետ Վլատիմիր Փութին Չորեքշաբթի օր Մոսկուայի կողմէ անոր անկախութեան ճանաչումէն ետք, առաջին անգամ ըլլալով Աբխազիա այցելեց։
Ան իր այցելութեան սկիզբը ծաղկեպսակ զետեղեց 1992-1993ին Աբխազիոյ եւ Վրաստանի միջեւ պատերազմի զոհերուն յուշակոթողին առջեւ։
Փութին հանդիպում ունեցաւ Աբխազիոյ ղեկավարութեան հետ՝ քննարկելու համար տնտեսական համագործակցութեան եւ այլ հարցեր։
Նախքան իր այցելութիւնը, աբխազական լրատուամիջոցներու հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Փութին ըսաւ, որ մինչեւ այն ատեն, երբ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի իշխանութեան գլուխ կը մնայ, Կովկասի շրջանին մէջ մէկ այլ տագնապ մը չի բացառեր։
«Նկատի ունենալով այսօրուան վրացական իշխանութիւնը՝ անկարելի է որեւէ բան բացառել», ըսաւ ան եւ աւելցուց, որ Վրաստանի կողմէ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ դէմ ուժի գործածութեան որեւէ փորձ, անցեալ տարուան պատերազմէն ետք, «շատ աւելի դժուար» պիտի ըլլայ։
«Ռուսիա Աբխազիոյ մէջ ուժեր պիտի տեղակայէ։ Արդիական սահմանի հսկողութեան համակարգ պիտի կառուցենք… Բոլոր այս քայլերը Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսէթիոյ համար յաւելեալ ապահովական լուրջ երաշխիքներ են։ Այս բոլորը շուրջ 15-16 միլիառ ռուբլի (շուրջ 463 միլիոն տոլար) պիտի արժէ», ըսաւ ան։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.