Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու դէմ յարձակումներու շարքի մը ծիրին մէջ, Ռուսիոյ դաշնութեան մաս կազմող Ինկուշէթիոյ հանրօգուտ շինութեանց նախարարը Չորեքշաբթի օր իր գրասենեակին մէջ սպաննուած գտնուեցաւ։
Ինկուշէթիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մատինա Խածիեւա յայտնեց, որ նախարար Ռուսլան Ամերխանով սպաննուեցաւ երկու անձերու կողմէ, որոնք Ինկուշէթիոյ մայրաքաղաք Մակասի մէջ անոր գրասենեակը մուտք գործելով՝ կրակ բացին անոր վրայ։
Մարդասպանները ինքնաշարժով մը բախուստ տուած են։
Ինկուշէթիոյ ապահովական խորհուրդի քարտուղար Ալեքսէյ Որոպիով յայտնեց, որ հետաքննիչները կը հաւատան, թէ սպաննութիւնը կրնայ առնջուած ըլլայ կառուցման ծրագիրներու քննութիւններու հետ, որոնք կառուցման օրէնքներու խախտումներ եւ ֆոնտերու չարաշահումներ բացայայտեցին։
Յունիսին Ինկուշէթիոյ նախագահ Եունուս Պէք Եւքուրով ծանրօրէն վիրաւորուեցաւ, երբ անոր դէմ անձնասպանական գործողութիւն մը տեղի ունեցաւ։ Նոյնպէս երկու շաբաթ առաջ հանրապետութեան Գերագոյն դատարանի անդամ դատաւոր մը սպաննուեցաւ։
Չեչենիոյ միւս դրացին՝ Տաղստանը, եւս բռնարարքներ կը դիմագրաւէ։
Հանրապետութեան ապահովութեան աւագ պաշտօնատարը Յունիսին արձակազէնի մը կողմէ սպաննուեցաւ:
Այս շաբաթ Տաղստանի Տէրպէնթ քաղաքին մէջ ականի մը պայթումը երկու ոստիկաններ սպաննեց, իսկ Չորեքշաբթի օր քաղաքին մէջ մէկ այլ ական մը պայթեցաւ առանց վիրաւորներ պատճառելու։
Միւս կողմէ՝ Չեչենիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մակոմետ Տենիեւ յայտնեց, որ երկու ոստիկաններ անջատ յարձակումներու ընթացքին սպաննուած են, երբ իրենց բնակարանները կը վերադառնային։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.