Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիժանի Չորեքշաբթի օր հերքեց այն վարկածները, թէ արգելափակուած կարգ մը ցուցարարներ բռնաբարուած են, եւ քննադատեց այդ վարկածը ներկայացուցած ընդդիմադիր ղեկավարը։
«ԻՐՆԱ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Լարիժանի խորհրդարանին մէջ ըսած է, թէ «Արգելափակեալները սեռային շահագործումի ենթարկելու հարցը սուտ մըն է։ Քահրիզաք եւ Էւին բանտերուն մէջ արգելափակեալներու հետաքննութենէ մը ետք, բռնաբարումի կամ սեռային շահագործումի որեւէ պարագայ չգտնուեցաւ»։
Ընտրութեան պարտութեան մատնուած ընդդիմադիր թեկնածու Մեհտի Քարուպի ազդեցիկ կրօնաւոր Աքպար Հաշեմի Ռաֆսանժանիի ուղղուած նամակի մը մէջ յայտնած էր, որ շարք մը այր եւ կին ցուցարարներ արգելափակման ընթացքին բռնաբարուած են, ու այդ ուղղութեամբ հետաքննութիւն պահանջեց։
Լարիժանի ամբաստանութեանց հարցով խիստ զգուշացում մը ուղղեց Քարուպիի։ «Նամակին պարունակութիւնը ցնցիչ էր եւ նամակը անմիջապէս հրատարակուեցաւ օտար մամուլին կողմէ։ Նկատի ունենալով հարցին նրբութիւնը՝ խորհրդարանի հետաքննիչ յանձնախումբէ մը պահանջեցի հարցը հետաքննել», ըսաւ ան։
Ան Քարուպիէն խնդրեց իր ամբաստանութեանց շուրջ «լուրջ հետաքննութիւն» մը կատարելու համար, բռնաբարումներուն գծով որեւէ փաստ կամ վկայութիւն ներկայացնել։
«Ասիկա քաղաքագէտներուն ուղղուած զգուշացում մըն է, որ ուշադիր ըլլան հետաքննութեան մը աւարտէն առաջ լրատուամիջոցներու ճամբով ամբաստանութիւններ ուղելէ, որպէսզի օտարներու կողմէ չշահագործուի ատիկա», ըսաւ Լարիժանի։